Գնումի Վաճառացանցերը
Տալմա Կարտըն Մօլը (Dalma Garden Mall) Գնումի եւ հաճոյքի համալիր է, մօտ՝ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին: Մօլը կառուցուած է (Տաշիր Կրուբ) Tashir Group-ին կողմէ եւ բացումը կատարուած է 2012-ին: Նախատեսուած է զանազան տարիքի մարդոց եւ հասարակական խումբերու համար: Մօլին մէջ ի մի բերուած են միջազգային վաճառանիշեր եւ վաճառատուներ, ոսկերչական խանութ մը եւ սրճարաններ: Գնումներու կողքին, կրնաք հաճելի ժամանց ունենալ սինեմայի , կամ պոուլինկի սրահներուն մէջ: Կայ նաեւ երեխաներու խաղավայր եւ երեխաներու սրճարան: Համալիրը ունի հանգստաւէտ, ընդարձակ եւ լուսաւոր սենեակներ, միջանցքներ եւ հիանալի մթնոլորտ:
Երեւան Մօլը գնումներ կատարելու կեդրոն մըն է Երեւանի մէջ, իւրայատուկ ճարտարապետական տեսք ունի, ուրարտական շրջանի (9-6րդ դար Ն. Ք.) հպումներով։ Անոր ներքին յարդարումը, ինչպէս նաեւ խորհրդանշանն ու ապրանքանիշի տարրերը, կ՛արտայայտեն Երեւան քաղաքի գոյները։ Երեւան Մօլի արդիական ճարտարապետական նախագիծը պատրաստած են միջազգային նշանաւոր Broadway Malyan ընկերութիւնը եւ Archangel ճարտարապետական ընկերութիւնը։ Գնումներու այս կեդրոնը ամենամեծն է քաղաքին մէջ եւ կ՛ընդգրկէ մեծ թիւով ապրանքանշային վաճառատուներ, հաճոյքի վայրերու զանազան մասերով։ Կեդրոնի գլխաւոր վարձակալներն են Carrefowr Hypermarket-ը, Index Group-ը, ինչպէս նաեւ 120 ուրիշներ, որոնց մէջ կան ազգային եւ յայտնի ապրանքանիշներ։ Ճարտարապետական իւրօրինակ ոճով կառուցուած այս մօլը, նաեւ կը նպատակադրէ գրաւել զբօսաշրջիկներ, որոնք գնումներու կողքին կրնան ժամանց ունենալ, յայտնաբերելով Ուրարտական Թագաւորութեան զարդարանքները։ Առաւել, Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան հետ գործակցաբար, Երեւան Մօլը նպատակադրած է ցուցադրել հին Ուրարտական դամբարաններու կարգ մը նմոյշենր, որոնք արդէն իսկ Մօլի շէնքին տակ են:
Yerevan Mall
Բարի Գալուստ Երեւան
Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :