Գիւղացիներու Շուկաները
Հակառակ Խորհրդային շրջանէն ետք սունկի պէս աճած հանրախանութներու առատ մթերքին, մայրաքաղաքի բնակիչները գիւղացիներու շուկաները կը նախընտրեն: Ամէնօրեայ գիւղացիական շուկաներ կան Երեւանի բոլոր շրջաններուն մէջ: Ամենամեծ շուկան, որ մօտ է Երեւանի կեդրոնին, Կումի շուկան է, Մովսէս Խորենացի փողոցին սկիզբը: Շուկայի երկարութիւնը 0,42քմ. է, 459 եարտ։ Երեւան այցելողները այստեղ կրնան գտնել հայկական թարմ մթերք եւ ուտեստեղէնի տեսակներ, պտուղէն եւ կանաչեղէնէն սկսեալ, մինչեւ միս, կաթնեղէն եւ ձկնեղէնի տեսակներ: Զբօսաշրջիկները մասնաւորաբար հետաքրքրուած են հայկական բնական, համեղ պտուղներով, շաքարապատուած կամ չորցուած պտուղներով եւ մրգային լաւաշներով: Թարմ պտուղները, չիրերը, ընկոյզը եւ կանաչեղէնը մեծ հռչակ կը վայելեն: Կարելի է նաեւ թարմ լաւաշ գտնել: Գիւղացիական շուկաներուն մէջ սակարկութիւն ընելը ընդունուած երեւոյթ է:
Ծիրան՝
Հայկական Պտուղ
Ծիրանը մշակուած է Հայաստանի մէջ, հին ժամանակներէն սկսեալ եւ կը կարծուի որ այդտեղէն ալ ծնունդ առած է: Ծիրանը Հայաստանէն տարածուեր է դէպի Եւրոպա, այդպիսով ստանալով իր գիտական անունը Prunus Armeniaca
(հայկական սալոր)։ Անոր մուտքը Յունաստան՝ Մեծն
Աղեքսանդրի շնորհիւ էր: Աւելի ուշ, հռոմէացի զօրավար Լուկուլլոսը (106-57 Ն.Ք.) որոշ պտղատու ծառերու տեսակներ, ինչպէս կեռասենի, ճերմակ միջուկով կեռասենի եւ ծիրանի ծառ Հայաստանէն Հռոմ տարաւ: Ներկայիս ծիրանի մշակումը տարածուած է աշխարհի այն կողմերը, ուր եղանակը յարմար է զայն պահպանելու համար, ինչպէս ԱՄՆ, կարդալ աւելին
Բարի Գալուստ Երեւան
Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :