Խաշ
Հին հայկական աւանդական ճաշատեսակներէն մին։ Խաշը յիշուած է միջնադարեան կարգ մը մատենագիրներու կողմէ, ինչպէս՝ Գրիգոր Մագիսդրոս (11-րդ դար), Մխիթար Հերացի (12-րդ դար): Առաջ,
խաշը կը նկատուէր աղքատներու կերակուր, իսկ հիմա, նուրբ խորտիկ մըն է, ձմրան եղանակի տօնական ճաշատեսակ, որ մարդիկ կը վայելեն առաւօտ
կանուխ, ընկերներու մեծ խումբով: Անունը կու գայ «խաշել» բառէն: Խաշը կը պատրաստուի կովու սրունքը եւ գլուխը խաշելով: Կարելի է նաեւ կովուն այլ մասերն ալ օգտագործել, ինչպէս ստամոքսը: Սրունքը
մաշկահան կ՛ընեն, կը մաքրեն, պաղ ջուրի մէջ կը պահեն, որպէսզի անոր գէշ հոտը անցնի, ապա կը խաշեն զայն ամբողջ գիշեր,
մինչեւ որ ջուրը թանձր խիւսի վերածուի եւ միսը ոսկորէն բաժնուի: Խաշելու ատեն աղ կամ համեմունք չեն աւելցներ: Խաշը կը հրամցուի տաք վիճակի մէջ:
Հայկական Աւանդական Հացը` Լաւաշ
Լաւաշը բարակ հաց է, որուն ծագումը Հայաստանի մէջ ըլլալով հանդերձ, ան տարածուած է նաեւ Կովկասի , Իրանի եւ Թուրքիոյ մէջ: Հայաստանի մէջ ամենալայն տարածում ունեցող հացատեսակն է: Լաւաշը պատրաստուած կ՛ըլլայ ալիւրով, ջուրով եւ աղով: Անոր հաստութիւնը կախում ունի խմորին բացուածքէն: Հայաստանի մէջ լաւաշը կը պատրաստուի աւանդական ձեւով: Խմորը գրտնակով կը բացուի եւ կարդալ աւելին
Լեռներու Մէջ - Գրիգոր Խանջեան
Աւանդական Հայկական Լաւաշի Պատրաստում (Տեսանիւթ)
Բարի Գալուստ Երեւան
Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :