ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 43

Հայկական Խոհանոց

Հայկական խոհանոցը կ՛արտացոլացնէ հայկական բարձրաւանդակի եւ այլ հայաբնակ շրջաններու պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնն ու աւանդական բերքն ու կենդանիները: Պատմականօրէն փոխադարձ ազդեցութիւններ եղած են Եւրոպական եւ Միջին Արեւելեան խոհանոցներուն միջեւ: Միսով,

ձուկով եւ կանաչեղէնով զանազան ճաշատեսակներու

պատրաստութիւնը հայկական ոհանոցի մէջ՝ սովորական

երեւոյթ է: Այնուամենայնիւ, յատկութիւններ կան, որոնք

աւելի կը բնորոշեն հայկական խոհանոցը: Ճաշին համն

ու հոտը առաւեաբար կը հենին բաղկացուցիչներու ընտիր ըլլալու եւ թարմութեան, քան համեմունքներու չափազանցուած գործածութեան վրայ: Յաճախ թարմ եւ չորցուած պտուղները եւս կ՛օգտագործուին որպէս բաղկացուցիչ: Ասոնց կողքին շատ մը տերեւներ, ինչպէս որթատունկի, կաղամբի, ճակնդեղի, բողկի, ելակի եւ այլ տերեւներ, կ՛օգտագործուին ուտելիքի յատուկ խառնուրդ մը լցոնելու կամ փաթթելու համար:

Հայկական խոհանոցին ծանօթանալու համար, պէտք է այցելել (Ararat Hall) Ճաշարանը : Այստեղ կրնաք համտեսել հայկական աւանդական ճաշատեսակներ՝ ղափամա, պօզպաշ, պուտուկ, տօլմա, արքայական խաշդուր, եւ այլն:

Քիւֆթա

Քիւֆթան յարգուած

Հայաստանեան միսի ճաշատեսակ մըն է, պատրաստուած,

կովու կռնակի ծեծուած միսով եւ լաւ համեմուած: Շատ մը քիւֆթէ պատրաստողներ իրենց յատուկ բաղադրատոմսերը ունին, որոնք գաղտնի կը պահուին եւ միայն իրենց կարալ աւելին

Խորոված

Խորոված, հայկական

«պարպէքյու» ն, հայկական խոհանոցի ամենաժողովրդական

ճաշատեսակներէն մէկն է, զոր կարելի է վայելել ճաշարաններու մէջ, ընտանեկան հաւաքոյթներու ժամանակ եւ որպէս արագ ուտեստ: Խորովածը կը պատրաստուի միսի կտորներէ,

կարդալ աւելին

Բարի Գալուստ Երեւան

Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :