ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 49

Երեւանի Գիշերային Կեանքը

Շատ մը պառեր, գինետուներ եւ գիշերային ակումբներ կան Երեւանի կեդրոնը, մասնաւորաբար պառի շրջան (Bar District41)կոչուած շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Փարպեցի, Փուշքին, Սարեան եւ Թումանեան փողոցներուն միջեւ գտնուող տարածքին մէջ: Այս տեղերուն պառերը շատ մօտիկ են իրար, այնքան, որ, մէկը չհաւնելու պարագային անմիջապէս կարելի է ուրիշ մը փորձել: Գիշերային Երեւանը այնպիսի առիթներ կ՛ընձեռէ, որոնք հաւասարապէս հաճոյք կրնան պատճառել թէ՛ տեղացիին, թէ տարազգի զբօսաշրջիկներուն, գոհ ձգելով բոլորը: Շատ մը պառեր կրնան բաց չմնալ ամբողջ գիշեր, մինչ ուրիշներ բաց են նոյնիսկ փոքր ժամերուն,ըընկերային ժամադրավայր դառնալով շատ-շատերուն համար: Հակառակ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն, ծխելը Հայաստանի փակ վայրերու մեծամասնութեանց մէջ դեռեւս արտօնուած է: Օտարականներ ջերմօրէն կ՛ընդունուին ամէն տեղ, իսկ պառերուն մէջ ճաշացուցակները հայերէնի կողքին ներկայացուած են նաեւ անգլերէնով եւ երբեմն նաեւ ռուսերէնով: Տեղական գարեջուրի տեսականին շատ գնահատուած է այցելուներուն կողմէ:

Երեւանի Գիշերային Կեանքը (Տեսանիւթ)

Երեւանի Հետքերով (Տեսանիւթ)

Բարի Գալուստ Երեւան

Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :