ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 41

Հայաստանը հին ժամանակներէն ի վեր նշանաւոր եղած է գինիի պատրաստութեան աւանդութեամբ: Ամենահին՝ 6000 տարեկան գինեգործարանը, յայտնաբերուեցաւ 2011-ին,

Արենիի շրջանի պեղումներու ընթացքին: Հնաբաններու յայտնագործութիւնները փաստեցին, որ Հայաստանը խաղողի մշակման եւ գինիի

պատրաստութեան ծննդավայրն է: Տեղական խաղողի տեսակներուն լաւագոյն այգիները Արարատեան

Հովիտի եւ Վայոց Ձորի շրջանի մէջ կը գտնուին, բլրածածկ տարածքներու վրայ, ծովու մակերեսէն 800-1300 մեթր (2,625-4,265 ոտք) բարձր: Այսօր, խաղողի իւրայատուկ տեսակներ կ՛աճին Հայաստանի մէջ, որոնց բնարմատը 1000 տարուան հնութիւն ունի: Այս հինաւուրց խաղողի տեսականիէն պատրաստուած գինին իր համով եւ հոտով բոլորովին կը տարբերի ուրիշ երկիրներու մէջ լայնօրէն տարածուած խաղողի գինիներէն: Կ՚արժէ նաեւ համտեսել հայկական նուռի գինիները: Ներկայիս, երկրին ամենանշանաւոր

գինի արտադրողներն են, Armenia Wine, եւ Vedi Alco:

Առաջինը հռչակուեցաւ «Արմէնիա» անունով իր բարձր մակարդակ ունեցող գինիներու հաւաքածոյի արտադրութեամբ, իսկ երկրորդը կը ներկայացնէ Արենի, Վիվաթ Արմէնիա, Խարջի, Հայք եւ այլ արտադրութիւններ: 2013-ին Արմէնիա Գինիի Գործարանի արտադրած Մուսքաթը, ճանչցուեցաւ որպէս Աշխարհի Ամենաընտիր Մուսքաթ Գինին: Հայաստանի մէջ յայտնի գինի արտադրողներն են նաեւ՝ Պռօշեան, Մառան, Զօրահ եւ Իջեւան ընկերութիւնները:

Բարի Գալուստ Երեւան

Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :