Փոխադրակառքի (Պաս) Կապերը
Հանրակառքերն ու փոքր երթուղայինները կ՛իրականացնեն թէ՛ ներքաղաքային, թէ՛ ներերկրային կապերը: Կան երկու գլխաւոր հանրակառքի կայարաններ. Կիլիկիա կայարանը (Կիլիկիա Աւտոկայան) Երեւանի Փոխադրակառքերու Կեդրոնական Կայարանն է: Փոխադրակառքեր կան դէպի Հայաստանի շատ մը հեռաւոր վայրեր (Էջմիածին, Արմաւիր, Գիւմրի, Ղարաբաղ), նաեւ երկրէն դուրս (Ռուսիա, Թուրքիա, Վրաստան)։ Այս կայարանը Ծովակալ Իսակովի պողոտային վրայ կը գտնուի։ Քանաքեռի Հանրակառքերու Կայարանը Թիֆլիսեան Խճուղիին վրայ է, Երեւանի հիւսիսային ծայրամասը, ուրկէ հանրակառքերը ճամբայ կ՛ելլեն դէպի Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջանները:
Երեւանէն Էջմիածին գացող թաքսիները ճամբայ կ՛ելլեն Մաշտոց պողոտայի եւ Սարեան փողոցի հատման կէտէն: Ամէնօրեայ ծառայութիւն կայ առաւօտեան 8:00-էն, մինչեւ կէս գիշեր: Ուղեվարձը մինչեւ ժամը 6:00 400 դրամ է, իսկ անկէ ետք՝ 500 դրամ:
Կան նաեւ Իրան գացող պասեր, որոնք ճամբայ կ՛ելլեն Հանրապետութեան Հրապարակին մօտ գտնուող Էրեբունի Հիւրանոցի առջեւէն եւ նոյն տեղը կը վերադառնան:
Ուրիշ Կայարաններ
Գայի Կայարան
Գայի պող. 14/3 Մերսետէս Պէնզ մեքենաներու Սալօնին մօտ։
Ուղղութիւնը դէպի՝ Գառնի, Գեղարդ, Ողջաբերդ, Հացաւան
Իսահակեան Կայարան
Իսահակեան փողոց 28, ( Տրամաթիքական Թատրոնին առջեւ) Ուղղութիւնը դէպի՝ Դիլիջան եւ Սեւան
Խորենացի Կայարան
Խորենացի փողոց (Ռոսիա շուկայի
ետեւ)
Ուղղութիւնը դէպի՝ Մասիս, Արթիկ, Գիւմրի, Վանաձոր
Հիւսիսային Կայարան
Թիֆլիսեան խճուղի 1
Ուղղութիւնը դէպի՝ Գաւառ, Մարտակերտ, Ճամպարակ, Վանաձոր
Պարոնեան Կայարան
Պարոնեան փողոց (Փակ Շուկայի մօտ)
Ուղղութիւնը դէպի՝ Աշտարակ, Երզնկա, Կարպի, Օհանաւան, Փարպի
Ռայկոմի Կայարան
Ազատութեան պողոտայ
Ուղղութիւնը դէպի՝ Հրազդան, Ծաղկաձոր
Շահումեան Հրապարակի Կայարան
Ուղղութիւնը դէպի՝ Բիւրական
Բարի Գալուստ Երեւան
Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ .