Երկաթուղային Կապեր
2008-ին, Հայաստանի երկաթուղիի տնօրինումը փոխանցուեցաւ ռուսական «Հարաւկովկասեան Երկաթուղի» Ընկերութեան, մենաշնորհի
հիմունքով, 30 տարուան համար:
Ներքաղաքային շոգեկառքերը կը գործեն ամէն
օր, Երեւանի եւ Գիւմրիի միջեւ, մեկնելով
Երեւանի ՛՛Սասունցի Դաւիթ՛՛ Երկաթուղիի Կայարանէն , որ կը գտնուի Սասունցի Դաւիթ համանուն հրապարակին վրայ: Ամրան ընթացքին, Սեւան գացող շոգեկառքեր ալ ճամբայ կ՛ելլեն Քանաքեռի երկաթուղիի կայարանէն:
Երեւան-Թիֆլիս գիշերային շոգեկառքերը կը
գործեն ՛՛Սասունցի Դաւիթ՛՛ Կայարանէն: Երկաթուղային փոխադրակառք «Արմէնիա» ն Երեւան-Պաթումի-Երեւան գիծին վրայ կը գործէ Յունիս 15-էն մինչեւ Սեպտ. 30: Բոլոր անկողնային կառքերն ու խցիկները արդիականացուած են եւ օժտուած օդափոխիչներով: Կառքերը սառնարաններ ունին՝ սննդեղէն եւ ջրեղէն պահելու համար: Հարաւային Կովկասի Երկաթուղին իր յաճախորդներուն առիթ կ՛ընձեռէ, երկրին մէջ գործող շոգեկառքի տոմսերը գնել առցանց:
Yerevan-Tbilisi Minibus
Բարի Գալուստ Երեւան
Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ .