Թաքսի
Թաքսիները Երեւանի մէջ սուղ չեն եւ քաղաքին մէջ ու անոր շուրջ կարելի է թաքսիով պտըտիլ: Թաքսիին ուղեվարձը իւրաքանչիւր քիլօմեթրի համար 100-120 դրամ է, նուազագոյն՝ 600-800 դրամ: Ընկերութիւններու թաքսիներուն մեծամասնութիւնը հաշուիչ ունի եւ գիները մրցունակային են: Անձնական թաքսիները սովորաբար աւելի կը պահանջեն. ատոր համար, աւելի լաւ է նախօրօք համաձայնիլ գինին շուրջ:
Հանրակառքի Եւ Փոքր Երթուղայինի Փոխադրութիւն
Մօտաւորապէս 42 հանրակառք եւ 95 փոքր երթուղայիններ կը գործեն Երեւանի մէջ, որոնք բոլորն ալ պայմանագրային հիմունքներով գործող անհատական ընկերութիւններ են: Մայրաքաղաքին մէջ փոխադրութիւնը մեծապէս կը հենի փոքր երթուղայիններուն վրայ (ընդհանրապէս ծանօթ Մարշրութքա, կամ Երթուղային թաքսի անունով): Յամենայնդէպս, որպէսզի այսօրինակ հանրային փոխադրութիւնը աւելի հանգստաւէտ ըլլայ եւ ճամբաները չծանրաբեռնուին, քաղաքային իշխանութիւնները քաղաքի երթուղիներու ցանցին վրայ հանրակառքերու քանակը աւելցնելու ծրագիր մը որդեգրած են, միաժամանակ նպատակ ունենալով պակսեցնել փոքր երթուղայիններու թիւը: Հանրակառքի եւ փոքր երթուղայինի ուղեվարձը նոյնն է՝ 100 դրամ:
Բարի Գալուստ Երեւան
Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :