ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 33

Երթեւեկութիւն

Կեդրոնական Երեւանը ամփոփ է եւ շրջագայելու լաւագոյն ձեւը քալելն է: Երթեւեկութիւնը Հայաստանի մէջ, աջակողմեան է: Քաղաքային փոխադրամիջոցները փոքր երթուղայիններն են, հանրակառքերը, թրոլիպիւսները եւ մեթրոն։

Ինքնաշարժ Վարել Եւ Կայանատեղել

Ճամբորդներ, որոնք կ՛ուզեն ինքնաշարժ վարձել Երեւանի մէջ, հարկ է որ միջազգային վարորդական արտօնագիր ունենան: Կարեւոր է իմանալ, որ քաղաքին ճամբաները կը վերահսկուին երթեւեկութեան եւ արագութեան տեսախցիկներով (քամերաներով): Չտուգանուելու համար, միշտ հետեւեցէք երթեւեկութեան օրէնքներուն եւ կանոններուն: 2014-էն սկսեալ Քաղաքի Կայանատեղիի Ծառայութիւնը կը հսկէ Երեւանի փողոցներուն վճարովի կայանատեղիները: Փողոցներուն կարմիր ներկուած եզրագիծերը, ցոյց կու տան վճարովի կայանատեղիները, ուր առաջին հինգ վայրկեանը անվճար է: Վճարումի զանազան ձեւեր կան. ժամական, օրական, ամսական եւ տարեկան: Կարելի է վճարումը կատարել բջիջային հեռաձայնով, դրամատուներու մէջ, կամ ինքնագործ վճարումի սարքերու միջոցով:

Բարի Գալուստ Երեւան

Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :