ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 32

Օդակայան. Զուարթնոցի Միջազգային Օդակայանը (EVN) Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր մուտքն է։ 1961-էն ի վեր գործող այս օդակայանը, մայրաքաղաքի արեւմուտքէն 12 քմ. /7.45 մղոն/ հեռու է: Ներկայիս օդակայանը կովկասեան տարածաշրջանի մէջ ամենագերզբաղն է: Յունիս 2002-էն ի վեր օդակայանը 30 տարուան պայմանագրային համաձայնութիւն ունի տնօրինուելու «Արմենիա» Միջազգային Օդակայաններու ընկերութեան կողմէ։ Այս ընկերութիւնը ենթակայ է Արժանթինեան «Corporacion America» ընկերութեան, որուն տէրն է արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էօրնէքեան: Յիշեալ թուականէն սկսեալ, Զուարթնոց Միջազգային Օդակայանը արդիական ձեւով վերանորոգուեցաւ եւ ընդարձակուեցաւ, դառնալով հարաւային Կովկասի թիւ մէկ օդակայանը:

Ճամբորդներու կանգառը ունի նամակատնային գրասենեակ եւ գործարարական կեդրոն, որոնք կրնան տրամադրել հեռաձայն, համացանց եւ հեռապատճէնի ծառայութիւններ: Զբօսաշրջիկները Հայաստանի մասին կրնան տեղեկութիւններ քաղել մատնահպումով գործող տեղեկատուութեան սարքով, որ դրուած է ժամանողներու սպասման սրահին մէջ: Օդակայան հասնելնուն պէս, ճամբորդները կրնան վայելել ծառայութիւններու ընդարձակ շարք մը, ինչպէս՝ դրամատնային եւ տարադրամի փոխանակման, գնումի, ճաշարաններու, սրճարաններու, ճամպրուկի պահեստանոցի, ինքնաշարժ վարձելու եւ թաքսիի ծառայութիւնները:

Aero Taxi–ն Զուարթնոց Միջազգային Օդակայանի ճամբորդներուն պաշտօնական փոխադրամիջոցն է:

Թիւ 17 եւ 18-երթուղային փոքր չափի փոխադրամիջոցները եւս կը գործեն օդակայանէն Երեւան եւ Երեւանէն օդակայան:

Կան նաեւ թաքսի ծառայութիւններու այլ հնարաւորութիւններ, իսկ ուղեվարձի չափին համար կարելի է սակարկել:

Երեւան կարելի է երթալ, նաեւ, հանրակառքով։ Թիւ 201 հանրակառքը կը հասցնէ Երեւանի Սայաթ Նովա – Մաշտոց պողոտայի խաչմերուկ: Թիւ 108-ը նոյնպէս ձեզ կրնայ կապել քաղաքի կեդրոնին: Հայաստանի կառավարութիւնը ծրագրած է Զուարթնոց Միջազգային Օդակայանը փապուղիով մը կապել Երեւանին։

Բարի Գալուստ Երեւան

Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ .