ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 35

Երեւանի Մեթրօն, որ կը կրէ Կարէն Դեմիրճեանին անունը, կը գործէ 1981-էն ի վեր: Մեթրոյի երթուղիին երկայնքը 13.4 քմ. է / 8.3 մղոն/, 10 գործող կայարաններով: Բարեկամութիւն, Մարշալ Բաղրամեան, Երիտասարդական, Հանրապետութեան Հրապարակ, Զօրավար Անդրանիկ, Սասունցի Դաւիթ, Գործարանային, Շէնգաւիթ, Գարեգին Նժդեհ Հրապարակ, Չարբախ: Կայարաններուն մեծ մասամբ շատ խորունկ ընդյատակին մէջ են, եւ հարուստ են ազգային զարդանախշերով: Թէեւ Երեւանի մեթրօն չի ծածկեր ամբողջ քաղաքը, սակայն քաղաքին շուրջ դառնալու ամէնէն արագ միջոցն է: Մեթրոյին կառքերը խճողումի ժամերուն 5 վայրկեանը անգամ մը իսկ սովորական ժամերուն 10 վայրկեանը անգամ մը կը հասնին կայարան, առաւօտեան ժամը 6:30- էն մինչեւ գիշերուան 11:00-ը: Թէեւ օրական 60.000 ճամբորդ կը փոխադրէ, այդուամենայնիւ քաղաքին գլխաւոր փոխադրութեան երակը չէ: Երեւանի մեթրոյին ուղեվարձը 100 դրամ է:

Երեւանի Բացօթեայ Ելեկտրական Փոխադրակառքերը (Թրոլիպիւս) հինգ երթուղիներու վրայ կը գործեն, 79 կառքերով: Ուղեվարձը 50 դրամ է։

Բարի Գալուստ Երեւան

Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ .