Գիտէ՞ք Թէ
Երեւանը ունէր մեքենաշինութեան իր ազգային
ապրանքանիշը՝ Երազը, որ արտադրուած է 1964–1995 թուականներուն եւ բաւականին յայտնի էր Խորհրդային Միութեան մէջ: Խորհրդային Միութեան կործանումէն ետք, տնտեսական ճգնաժամի պատճառով, արտադրութիւնը նահանջեց եւ ընկերութիւնը վերջնականապէս դադրեցուց իր աշխատանքը՝ 2002-ին:
1965-ին Երեւանը դարձաւ զանգուածային ցոյցերու կեդրոն։ Խորհրդային Միութեան մէջ հանրային ընդվզումի առաջին արտայայտութիւնն էր: Այդ տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցն էր եւ ցուցարարները կը պահանջէին, որ Խորհրդային Իշխանութիւնը ճանչնայ պատմական այդ փաստը: Իբրեւ արդիւնք, 1967-ին, Երեւանի Ծիծեռնակաբերդ բլուրի վրայ կառուցուեցաւ Ցեղասպանութեան
յուշահամալիրը: 1980-ականներուն, երբ յաջորդաբար ծայր առին ազգային, ժողովրդավարական, բնապահպանական եւ Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրման շարժումները, մայրաքաղաքը կարեւոր դեր ունեցաւ, նաեւ, ինքնորոշման եւ խօսքի ազատութեան առումներով: Այս շարժումները յառաջացան
«Գլաստնոստ» (Հրապարակայնութիւն) եւ «Պերեստրոյքա» (Վերակառուցում) վերափոխումներու շրջանին, որ սկսած էր Խորհրդային Միութեան վերջին առաջնորդ Միխայիլ Կորպաչովի (1985-1991) ժամանակ: Աստիճանաբար շարժումները յանգեցուցին ԽՍՀՄ-էն անկախանալու պահանջքին: 1988-ի Փետրուարին, Երեւանի մէջ մօտաւորապէս մէկ միլիոն ցուցարար մասնակցեցաւ հանրահաւաքի, ի պաշտպանութիւն՝ անկախութեան: Զանգուածային բողոքի ցոյցերը տեղի կ՚ունենային Թատերական հրապարակի
(Օփերայի հրապարակ) մէջ, որ յետագաին կոչուեցաւ Ազատութեան հրապարակ եւ դարձաւ ընկերային ու քաղաքական շարժումներու թատերաբեմը:
«Կեցցէ˜ Այն Հայաստանը, Որ Վաղը Պիտի Գայ», Մովսէս Գորգիսեան, 28 Մայիս,1989 (Տեսանիւթ)
Պատմութիւն :
Երեւանը՝ Հայաստանի Մայրաքաղաք: Խորհրդային Շրջան (Երկրորդ Հանրապետութիւն )