ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 20

21 Սեպտեմբեր 1991-ին, անկախութեան հռչակումէն եւ երկաթեայ վարագոյրի անհետացումէն ետք, Երեւանի համար սկսաւ վերափոխման նոր ժամանակաշրջան: Անկանոն եւ պատահական շինութիւններու պատճառով քաղաքը սկսած էր կորսնցնել իր տեսքը: 2000-ականներու սկիզբը քաղաքի մէջ սկիզբ առին շինարարական բուռն աշխատանքներ: Յատկապէս քաղաքի կեդրոնը դարձաւ թատերաբեմ ընդարձակ շինարարութեան: Այդ պատճառով ալ բնակարաններու սակը բարձրացաւ մօտաւորապէս տաս անգամ: Քաղաքի կեդրոն գտնուող պատմական շատ շէնքեր կա´մ ամբողջովին քանդուեցան, կա´մ վերափոխուեցան ժամանակակից բնակելի շէնքերու։ Շատ քիչ կառոյցներ պահպանուեցան:

Երեւան-Առանձին Տիեզերք (Տեսանիւթ)

Երեւանի Քարտէզը

Ձեւափոխուած Հին Կառոյցները

Պատմութիւն :

Երեւանը՝ Հայաստանի Մայրաքաղաք: Երրորդ Հանրապետութեան Ժամանակաշրջան