Նոր Գլխաւոր Յատակագիծը. Երեւանի Վերահիմնադրումը
Երեւանը Խորհրդային Միութեան առաջին քաղաքն էր, որու յատակագիծը ենթարկուեցաւ ընդհանուր մշակման: 1924-ին, Երեւանի գլխաւոր յատակագիծը մշակեց ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանը (1978-1936): Յատակագիծը
նախագծուած է քաղաքի մը համար, որուն բնակչութիւնը
150,000 է։ Ժամանակի ընթացքին քաղաքի վարչական
տարածքը ընդարձակուեցաւ հինգ անգամ: Թամանեան
մշակեց այնպիսի նախագիծ մը, ուր ազգային
աւանդոյթները միահիւսուած են ժամանակակից քաղաքաշինութեան հետ: Ու այսպէս, Երեւանը
հանդիսացաւ քաղաք մը, որ հայկական ազգային ինքնութիւնը պահպանելով հանդերձ, կրցաւ արտացոլել
խորհրդային գաղափարախօսութիւնը։ Թամանեանի
առաջարկած ճառագայթային շրջանաձեւ նախագիծի պատճառով, պատմական շատ կառոյցներ քանդուեցան: Երեւանի նորակառույց թաղամասերը (համայնքները) վերանուանուեցան Արեւմտեան Հայաստանի այն
շրջաններու անուններով, ուր օսմանեան թուրքերը ոչնչացուցած էին հայերը, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին: Այդպիսի թաղամասերէն յիշենք՝ Արաբկիրը, Մալաթիա-Սեբաստիան, Նորք Մարաշը եւայլն…:
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, գերմանացի գերիները ներգրաւուեցան նոր շէնքերու եւ կառոյցներու շինարարական աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս՝ Յաղթանակի կամուրջի եւ Քիեւեան կամուրջի աշխատանքներուն: Քաղաքի շինարարական աշխատանքներու ժամանակ օգտագործուած են պազալդ, կրանիդ եւ մարմար: Սակայն, որպէս շինարարական նիւթ, հիմնական օգտագործուած է վարդագոյն տուֆը: Տուֆը քաղաքին հաղորդեց իւրօրինակ կեանք ու երանգ , որուն շնորհիւ ալ քաղաքը կոչուեցաւ «վարդագոյն քաղաք»: 1968-ին Երեւանը տօնեց իր 2,750-րդ ամեակը:
Խորհրդային Միութեան կազմի մէջ գտնուող Խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանը, 20-րդ դարուն, ապրեցաւ բուռն զարգացում: Երեւանի վերափոխումն աննախադէպ էր: Կայսրութեան երբեմնի արուարձանային քաղաքը դարձաւ Հայաստանի մշակութային, արդիւնաբերական եւ գիտական հիմնական կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Միութեան ամենաաշխոյժ եւ զարգացած քաղաքներէն մէկը:
Ալեքսանդր Թամանեանի Կազմած
Երեւանի Գլխաւոր Յատակագիծը
Հեղինակային իրաւունք՝ Հրանդ Գասպարեան
Հեղինակային իրավունք՝՝Հրանտ Կասպարյան
Պատմութիւն :
Երեւանը՝ Հայաստանի Մայրաքաղաք: Խորհրդային Շրջան (Երկրորդ Հանրապետութիւն )