Անկախութեան այդ կարճ ժամանակաշրջանին, քաղաքի ամենակարեւոր իրադարձութիւններէն մէկն էր, կառավարութեան որոշումով, Երեւանի Պետական Համալսարանի հիմնադրումը՝ 16 Մայիս, 1919 -ին: Համալսարանի շէնքը կը գտնուէր Երեւանի կեդրոնական փողոցի վրայ՝ Ասդաֆեան (այժմ՝ Աբովեան), նախկին վարժարանի շէնքի մէջ, որ կառուցուած էր 1900-1906 տարիներուն: 2 Դեկտեմբեր, 1920–ին, պոլշովիկեան 11-րդ Կարմիր Բանակը մտաւ Երեւան եւ Հայաստանը մաս կազմեց Խորհրդային Միութեան: Թէեւ, հայ յեղափոխական ուժերը կրցան ետ առնել քաղաքը 1921-ի Փետրուարին եւ ազատ արձակել բոլոր բանտարկուած քաղաքական առաջնորդները, բայց 1921-ի Ապրիլի 2-ին, Վրաստանէն վերադարձած 11-րդ Կարմիր Բանակի ուժերը կրկին գրաւեցին քաղաքը։
Երեւանը՝ Հայաստանի Մայրաքաղաք
28 Մայիս 1918-ին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան (1918-1920) հռչակագիրի ընդունման եւ անկախութեան վերականգնման հետ միասին Երեւանը դարձաւ Հայաստանի մայրաքաղաքը եւ նորանկախ պետութեան կեդրոնը: Սակայն, Հայ Ազգային Խորհուրդի անդամներու նստավայրը մնաց Թիֆլիսը՝ Կովկասի մշակութային կեդրոնը: Կառավարութիւնը Երեւան տեղափոխուեցաւ ամռան կիսուն: Այդ օրէն ի վեր, Երեւանը հանդիսացաւ ազգային կառավարութեան նստավայրը:
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան
Առաջին Ամեակը, 1919
Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրը, 1918
Խորհրդային Կարմիր Բանակը Աբովեան Փողոցի Վրայ, 1920
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Կառավարութեան Շէնքը
© Թոմի եւ Ճորճ (Flickr)
Պատմութիւն :
Երեւանը՝ Հայաստանի Մայրաքաղաք: Առաջին Հանրապետութեան Ժամանակաշրջան