Հատիս Լեռ
Ակնարկ
Տեսակը՝ կոնաձեւ հրաբխային
Տարիքը՝ պլիոցենի ժամանակաշրջանէն
Բարձրութիւնը՝ 2,528մ. / 8,294 ոտք
Հեռաւորութիւնը Երեւանէն՝ 32 ք.մ. / 19.8 մղոն
Կը գտնուի ՀՀ Կոտայքի մարզի մէջ, Երեւանէն 32 ք.մ./19.8 մղոն հեռաւորութեան վրայ: Հատիս լեռ (2,528 մ./8,294 ոտք) բարձրանալը նոյնպէս արշաւի մէկ տարբերակ է: Լեռը հրաբխային է, կոնաձեւ, խոր կիրճերով կտրտուած լանջերով: Լեռը եւ իր շրջակայքը հիանալի առիթ են քայլարշաւներու եւ լեռնային հեծանիւավարութեան համար: Արշաւի մեկնողները պէտք է գիտնան, որ լերան գագաթին կան փրկարար ապաստարաններ:
Գիտէք Թէ՞
Հատիս լեռը, որ կոչուած է բուսականութեան հայ չաստուած Հատիսի անունով, նաեւ կոչուած է Շամիրամի լեռ: Ըստ առասպելի, Արա թագաւորի դէմ ճակատամարտելու ժամանակ, ասորի թագուհի Շամիրամի զօրքը կը բանակէ Հատիսի լանջերուն, իսկ Արա Գեղեցիկի զօրքը՝ Արա լեռան լանջերուն: Այսպէս, համապատասխանաբար, լեռները կը կրեն Շամիրամ թագուհիի եւ Արա թագաւորի անունները։
Հատիս Լեռ
Հեղինակային իրաւունք՝ Էդգար Մարուքեան
Ե՞րբ Մեկնիլ Արշաւի- Կլիմայ
Հատիս լեռ բարձրանալու լաւագոյն ժամանակաշրջանը Մայիսէն մինչեւ Նոյեմբեր ժամանակահատուածն է։ Լեռը ծածկուած է ալպեան մարգագետիններով եւ տափաստանային բոյսերով: