Հնագոյն Կառոյցները
Էրեբունին վարչական եւ հոգեւոր հզօր կեդրոն էր, մայրաքաղաք, ուր ապրած էին թագաւորները: Թագաւորը այստեղ վերաբնակեցուցած է 6600 ռազմիկներ՝ Հայկական լեռնաշխարհի արեւմտեան շրջաններէն: Ամրոցը, մասամբ, շրջապատուած էր բարձր պարիսպներով։ Մուտքը պաշտպանուած էր բարձր աշտարակներով, ուրկէ կարելի էր դէպի հրապարակ երթալ՝ աստիճաններով: Հրապարակը ամրոցի տարածքը կը բաժնէր 3 մասի. պաշտամունքային, արքունական եւ տնտեսական: Պաշտամունքային մասի մէջ կը գտնուէր թագաւորութեան գերագոյն չաստուած Խալդի տաճարը:
Երեւանի Անունը
Ժամանակի ընթացքին Էրեբունի անունը ձեւափոխուեցաւ եւ դարձաւ Երեւան (Էրեբունի = Էրեւանի = Էրեւան = Երեւան): Բայց, կայ նաեւ աւանդութիւն մը, որուն համաձայն «Երեւան» բառի արմատը կու գայ «երեւցաւ» արտայայտութենէն: Հին միջնադարի հայ քրիստոնեայ մատենագիրները հաւատացած էին, որ, երբ Նոյեան տապանը կանգնած է Արարատ լեռան վրայ, ջրհեղեղէն ու ջուրը քաշուելէն ետք Նոյը ցամաքը տեսնելով բացագանչած է. «Երեւա´ց»: Աւանդութեան համաձայն այդ տարածքի վրայ կառուցուած է Երեւանը։
Էրեբունի Ամրոց
(Տեսանիւթ)
Պատմութիւն :
Ուրարտական (Արարատեան) Ժամանակաշրջան