ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 14

Ն.Ք. 6-4-րդ դարերուն, Երեւանը, Աքեմենեան կայսրութեան Հայաստանի սատրապութեան կազմի մէջ գտնուող ամենակարեւոր քաղաքական եւ տնտեսական կեդրոններէն մէկն էր: Կը գտնուէր Մեծ Հայքի թագաւորութեան մէջ՝ Երուանդունիներու (մինչեւ Ն.Ք. 201թ.), Արտաշիսեաններու (Ն.Ք. 189-էն-Ք.Ե.12-րդ դար) եւ Արշակունիներու (52-428) ժամանակ:

Երեւանը գոյատեւած է դարեր շարունակ՝ յաղթահարելով պատմական բազմաթիւ խոչընդոտներ եւ մարտահրաւէրներ: Քաղաքը ենթարկուած է ասորիներու, հռովմէացիներու, բիւզանդացիներու, պարսիկներու, արաբներու, մոնկոլներու եւ թուրքերու յարձակումներուն:

Արաբները գրաւեցին Երեւանը 658-ին: Հայկական միջնադարեան

աղբիւրներու մէջ, այս

իրադարձութեան նկարագրութեան ժամանակ, քաղաքը անուանուած է Երեւան եւ ոչ թէ Էրեբունի: 885-ին, Բագրատունեաց արքայատոհմի(885-1045) շնորհիւ հայկական թագաւորութեան վերականգնումէն ետք, Երեւանը հանդիսացաւ հայոց անկախ պետականութեան հաստատուն մասը: 13-14-րդ դարերուն անցաւ Զաքարեաններու (1201-1360) հայկական իշխանութեան տակ: Յետագային, քաղաքը գրաւեցին եւ կողոպտեցին թուրքերն ու մոնկոլները: Ապա, նկատի ունենալով Երեւանի արժէքը՝ ռազմավարական նկատառումներով, քաղաքը կռուախնձոր դարձաւ Սեֆեան Պարսկաստանի եւ Օսմանեան Կայսրութեան միջեւ:

Միջնադարեան Կառոյցներ

301-ին, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք դառնալէ ետք, կառուցուեցան քրիստոնէական ճարտարապետութեան յատուկ կառոյցներ: Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին քրիստոնէական առաջին եկեղեցիներէն էր, որ կառուցուեցաւ Երեւանի մէջ, 5-րդ դարուն: Եկեղեցին քանդուեցաւ 1931-ին, Խորհրդային Իշխանութեան որոշումով եւ նոյն վայրը կառուցուեցաւ Մոսկուա կինոթատրոնը: Քաղաքի ամենահին եկեղեցին Աւանի Սուրբ Կաթողիկէ Ծիրանաւորն է (595-602):Եկեղեցին մասամբ վնասուեցաւ 1679-ի երկրաշարժի պատճառով:

Հայոց Տրդատ Գ Թագաւորի Մկրտութիւնը

Սուրբ Պօղոս-Պետրոս Եկեղեցին

Աւանի Ս. Կաթողիկէ Ծիրանաւոր Եկեղեցին (cc) Թրաւիս Ուիթ

Պատմութիւն :

Հայկական Թագաւորական Ընտանիքներու Ժամանակաշրջան