ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 129

Հարաւային գագաթը բաւականին մատչելի է անփորձ լեռնագնացներու համար, բայց հիւսիսային գագաթը մեծ ջանք կը պահանջէ: Հիւսիսային գագաթը կարելի է հասնիլ չորս- վեց ժամուան ընթացքին, այնինչ երկու ժամ բաւարար է հարաւային գագաթը

բարձրանալու համար: Ճամբար

կազմակերպելու հիանալի տարբերակներէն

մէկն է Հիւսիսային (4090 մ./13,419 ոտք) եւ

արեւելեան (3,950 մ. /12,959.3 ոտք)

գագաթները բարձրանալ, այնուհետեւ իջնել

դէպի խառնարանը, իջեւանել եւ այնտեղ

ճաշել...: Հոսկէ, պարզ օդին, Արարատ լեռն ու Արարատեան դաշտավայրը հիանալի կ՚երեւին։

Ընդհանուր առմամբ, երեք- չորս օրուան ընթացքին կարելի է գագաթ բարձրանալ եւ ետ վերադառնալ: Կարգ մը զբօսաշրջիկային ընկերութիւններ, ինչպէս՝ Աւարայր ընկերութիւնը , կրնայ կազմակերպել այսպիսի արշաւներ:

Ե՞րբ Մեկնիլ Արշաւի - Կլիմայ

Գրեթէ ամբողջ տարին Արագածի գագաթը կ՚ըլլայ ձիւնածածկ։ Ուստի, նախընտրելի է լեռ բարձրանալ Յուլիս, Օգոստոս կամ Սեպտեմբեր ամիսներուն: Կլիման կը փոխուի բարձրութեանը զուգահեռ։ Նոյնիսկ ամառը, գագաթի հատուածը ցուրտ կ՚ըլլայ: Այնտեղ եղանակը փոփոխական է։ Ամէն ատեն կրնայ ձիւն տեղալ: Նախընտրելի է, որ արշաւ կատարողները առտու կանուխ մեկնին։

Արշաւ Եւ Ժայռի Մագլցում

Իսկապէս իտէալական եւ բացառիկ արշաւի մը մասնակցած կ՚ըլլանք, երբ կը վայելենք բնութեան գեղեցկութիւնը, լեռներու անդորրը, լիճերը, գետերը , կիրճերը ու այս բոլորին զուգահեռ՝ Արագածը եւ լերան յարակից

տարածքները։ Այսպիսի արշաւներու ընթացքին, բնութեան գեղեցկութեան շնորհիւ, կ՚ապրինք նոր զգացումներ, տպաւորութիւններ եւ հաճոյքներ:Կարելի է նաեւ փորձել ժայռի մագլցումը եւ առ այդ, վարձել անհրաժեշտ սարքաւորումներ: կարդալ աւելին

Արագած Լեռ