ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 128

Արշաւ Եւ Ճամբար

Արագած լերան շուրջ կը գտնուին բազմաթիւ պատմական վայրեր եւ հին եկեղեցիներ: Արագած լեռ բարձրացողը կ՚անցնի 2,300 մ./7,546 ոտք բարձրութեան վրայ գտնուող միջնադարեան Ամբերդ ամրոցի (Բերդ՝ ամպերու մէջ) քովէն: Մօտակայքը կը գտնուին նաեւ 11-րդ դարու

Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ Բիւրականի աստղադիտարանը ։ Աստղադիտարանի մէջ կարելի է մասնակցիլ աստղագիտութեան

եւ դիտարկման գիտակրթական արագ դասընթացքին, կամ պարզապէս,

գիշերը, ուսումնասիրել երկինքի ամենահետաքրքական եւ

գեղեցիկ մարմինները: Կարելի է հանգստանալ Բիւրական

Աստղադիտարանի Հիւրանոցը : Արշաւի յաջորդ հանգրուանը

Քարի լիճն է, որ կը գտնուի Արագած լերան լանջին (ծովի մակերեսէն 3,200 մ./10,499 ոտք բարձր): Հոսկէ կը սկսի վերելքը դէպի Արագածի լեռնագագաթները:

Արագած Լեռ