Արագած Լեռ
Ակնարկ
Տեսակը՝ Շերտաւոր – հրաբխային
Տարիքը՝ պլիոցենի ժամանակաշրջանէն
Բարձրութիւնը՝ 4,090 մ/13,419 ոտք
Աշխարհագրական դիրքը՝ 40°32′00″Հս. 44°12′00″Արւ.
Հեռաւորութիւնը Երեւանէն՝ 60 ք.մ. /37.2 մղոն
Երեւանի մօտ կը գտնուի Փոքր Կովկասի եւ Հայաստանի ամենաբարձր գագաթը, Արագած լեռը, Երեւանի հիւսիս-արեւմուտքէն 60 ք.մ./37.2 մղոն հեռաւորութեան վրայ։ Արագածը ունի չորս գագաթ։ Աշխարհի ամենամեծ խառնարանը ունեցող
լեռնազանգուածներէն մէկն է: Ամենամեծ եւ հիւսիսային գագաթը ունի 4,090 մ. /13,419 ոտք բարձրութիւն, արեւմտեան գագաթը՝ 4,080 մ./13,386 ոտք, արեւելեան գագաթը՝ 3,916 մ./12,846 ոտք, իսկ հարաւային գագաթը՝ 3,887 մ. /12,753 ոտք բարձրութիւն: 350 մ./1,148 ոտք խորութեամբ եւ 3 ք.մ. տրամագիծով խառնարանը կը գտնուի այս յանգած հրաբուխի գագաթներու միջեւ: Բարձր լեռնային գօտին, ամառը, ոչխարներուն արօտավայրեր կ՚ապահովէ, իսկ աստղադիտարաններուն՝ պարզ օդ: Գարնանային վճիտ ջուրերը կը հոսին լեռնալանջերէն, կազմելով աղբիւրներ: Արագածի վերելքն անմոռանալի կը դառնայ ժայռերու, բուսականութեան, վայրի ծաղիկներու եւ գեղեցիկ տեսարաններու շնորհիւ։ Արագածի արեւմտեան լեռնային գօտիէն պարզ կ՚երեւի Արարատեան գեղեցիկ դաշտավայրը։
Aragats and Amberd (Video)