Ներածութիւն
Արշաւը հիանալի առիթ է Հայաստանի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական հարստութիւնները ճանչնալու համար: Պատմական բազմաթիւ յուշարձանները, Արագածի գեղեցիկ լեռնալանջերը,
Խոսրովի Պետական Արգելոցի տարածքը եւ բնութեան
գեղեցկութիւնը միշտ գրաւած են ճամբորդներու, զբօսաշրջիկներու եւ երկրաբաններու ուշադրութիւնը:
Հայաստանը լեռնային երկիր է եւ շրջապտոյտի հետաքրքրական վայր՝ լեռնագնացներուն, ինչպէս նաեւ արշաւներու եւ ճամբարներու սիրահարներուն համար: Լեռնագնացութիւնն ու արշաւները բաւականին զարգացած ոլորտներ են Հայաստանի զբօսաշրջիկութեան մէջ եւ առ այդ կ՚առաջարկուին լեռնային
արշաւներու բազմաթիւ տարբերակներ: Այդպիսի
տարբերակներէն են արշաւները դէպի՝ Արագած, Արա եւ
Հատիս լեռներ, ինչպէս նաեւ Խոսրովի Պետական Արգելոց։
Վերոյիշեալները, բոլորը, կը գտնուին Երեւանի մօտ գտնուող տարածքի վրայ։