ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | страница 121

6.3 Գառնի

Պէտք է անպայման այցելել Գառնին, որ կը գտնուի մայրաքաղաքէն ոչ շատ հեռու՝ 25 ք.մ./15.5 մղոն դէպի արեւելք: Համալիրը կը ներառէ Գառնիի Մաշտոց Հայրապետ եկեղեցին(12-րդ դար),Գառնիի ամրոցը(Ք.Ե. 1-ին դար), Գառնիի տաճարը(Ք.Ե.1-ին դար), Պազիլիկը (5-րդ դար), պաշտպանական պարսպապատերու աւերակները, արքունական պալատը, գինետունը եւ բաղնիքը ՝ խճանկարուած յատակով:

Գառնիի ամրոցի մօտ կը գտնուի «Քարերու սիմֆոնիան», որ Գառնիի կիրճի երկայնքով տարածուող պազալտէ ուղղահայեաց սիւներէ կազմուած յուշարձան է: Այստեղ կը գտնուի նաեւ, 11-րդ դարէն, միջնադարեան կամուրջ մը: Գառնիէն 4 ք.մ./2.4 մղոն հեռաւորութեան վրայ Խոսրովի Պետական Արգելոցն է, ուր կը գտնուի Հաւուց Թառի վանքը (11-րդ դար):

Տարուան տաք եղանակներուն հանգստանալու եւ

ընթրելու ամէնէն յարմար վայրերէն մէկն է Սերկէյի հացատունը: Երկար սեղանները տեղադրուած են

այգիի ծառերուն տակ: Այստեղ կրնաք վայելել թարմ

լաւաշը եւ տեղական սիրուած ուտեստները :

Գառնիի Տաճար

301-ին, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք դառնալէ յետոյ, հեթանոսական

բոլոր տաճարները քանդուեցան եւ օգտագործուեցան որպէս շինարարական նիւթ: Գառնիի տաճարը միակն է, որ կանգուն մնացած է մինչեւ այսօր, քանի որ

գտնուած է Գառնիի ամրոցի մօտ եւ ծառայած է որպէս հայ թագաւորներու կարդալ աւելին

- Երեւանի Հարաւ-Արեւելեան Կողմը

Շրջապտոյտ 6

6.1 Խոր Վիրապ

6.2 Դուին

6.3 Գառնի

6.4 Գեղարդ