Գառնիի Տաճար (Տեսանիւթ)
Գառնիի Ամրոց
Գառնիի ամրոցը հիմնադրուած է Ն.Ք. 3-րդ դարուն եւ եղած է Երուանդունիներու, Արտաշիսեաններու եւ Արշակունիներու նստավայրը: Ամրոցը վերջնականապէս աւերակի վերածած է Լենկթեմուրը, 1386-ին: Համալիրի զարդը Գառնիի տաճարն է: Նուիրուած է Միհր չաստուածին։ Զայն կառուցած է Տրդատ Ա թագաւորը (54-88): Տաճարը միակ հայկական հեթանոսական կառոյցն է, որ կանգուն մնացած է Հայաստանի մէջ, քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք: Քանդուած է 1679-ի երկրաշարժի պատճառով եւ վերակառուցուած է 1969-1979 թուականներուն:
Հայաստանի «Քարերու սիմֆոնիա» պաստառը ճանչցուած է որպէս Եւրոպայի լաւագոյն զբօսաշրջային պաստառ ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (UNWTO)2013 -ի«Vettor Giusti» զբօսաշրջային պաստառներու մրցոյթին: Պաստառը լաւագոյնը ճանաչցուեցաւ «UNWTO»-ի Եւրոպայի յանձնաժողովի 44 անդամ-երկրներու կողմէ:
Գառնիի Տաճար (3D)
Քարերու Համանուագ
Հեղինակային իրաւունք՝ Սուրեն Մանուելեան
- Երեւանի Հարաւ-Արեւելեան Կողմը
Շրջապտոյտ 6
6.1 Խոր Վիրապ
6.2 Դուին
6.3 Գառնի
6.4 Գեղարդ