6.2 Դուին
Պատմական Հայաստանի մայրաքաղաքներէն՝ Դուինի աւերակները կը գտնուին Խոր Վիրապէն 22 ք.մ./13.6 մղոն դէպի հիւսիս: Այստեղ կայ թանգարան, ուր կը ցուցադրուին քաղաքի տարածքը կատարուող հնագիտական պեղումներու գտածոները: Դուինը հիմնադրած է Խոսրով Գ Կոտակ թագաւորը, 335-ին։ Եղած է Արշակունիներու թագաւորական նստավայրը:
Մօտաւորապէս 100,000 բնակչութիւն ունեցող քաղաքը, միջնադարեան աշխարհի ամենահարուստ քաղաքներէն եւ առեւտրային խոշոր կեդրոններէն մէկն էր: Դուինը անկում կ՚ապրի 893-ի մեծ երկրաշարժէն եւ արաբներու ու սելճուքներու արշաւանքներէն ետք ։ Վերջնականապէս կը կործանի մոնկոլներու ձեռքով, 1236-ին:
Դուին
Հեղինակային իրաւունք՝ Վահէ Իշխանեան (Համայնապատկեր)
- Երեւանի Հարաւ-Արեւելեան Կողմը
Շրջապտոյտ 6
6.1 Խոր Վիրապ
6.2 Դուին
6.3 Գառնի
6.4 Գեղարդ