5.4 Տառերու Պուրակ
Ապարանի ճամբուն վրայ, Աշտարակէն (14քմ. / 8.6 մ.) հեռաւորութեան վրայ, Արտաշաւան գիւղի մօտ, կը գտնուի յուշահամալիր մը նուիրուած հայերէն տառերուն։ Կառուցուած է հռչակաւոր ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեանի կողմէ, 2005-ին, ի պատիւ 405-ին, Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հայերէն գիրերու գիւտի ստեղծման 1600-ամեակին: Յուշահամալիրը կը ներկայացնէ Այբուբենի զարդաքանդակ 39 տառերը:
5.5 Քարի Լիճ
Ճամբայ մը Արտաշաւան գիւղէն, կը տանի Արքաշէն գետի ակունք՝ Քարիի լիճ։ Կը գտնուի Արագած լերան գագաթներէն վար, լեռնալանջին վրայ, Երեւանի ֆիզիքայի ինստիտուտի տիեզերական ճառագայթներու կայանի կողքին, մօտ 3200մ./10.498 ոտք բարձրութեան վրայ: Արագած լեռ մագլցելու մեկնակէտն է:
Քարի լիճ
Հայերէն Այբուբենը
Հայերէն այբուբենը
իւրօրինակ այբբենական
գրային համակարգ մըն
է, ստեղծուած
Մեսրոպ Մաշտոցի
(362-440) կողմէ, 4-րդ դարու վերջաւորութեան: Այբուբենի գործածութիւնը ընդարձակուեցաւ 405-ին:
5.1 Егвард
- Երեւանի Հիւսիսային Կողմը
Շրջապտոյտ 5
5.1 Եղվարդ
5.2 Աշտարակ
5.3 Յովհանավանք
/Սաղմոսավանք
Saghmosavannk ParkMatenadaraCascade
5.4 Տառերու Պուրակ
5.5 Քարի Լիճը
5.6 Ամբերդ/Բիւրական
5.7 Արշակունեանց Դամբարան
5.8 Օշական