5.6 Ամբերդ/Բիւրական
Ամբերդ ամրոցի աւերակները կը գտնուին 18քմ. / 11մղոն դէպի վար Քարիի լիճէն, Բիւրական գիւղի ճամբուն վրայ: Շրջանը իտէալական վայր մըն է լեռնագնացութեան եւ բանակելու համար: Ամրոցը կը գտնուի, Բիւրական գիւղէն քալելով, մօտաւորապէս երկու ժամ հեռաւորութեան վրայ : Կրպակ մը կայ այդտեղ, ուրկէ կարելի է ուտելիք, կամ խմելիք գնել: Բիւրական գիւղը ժողովրդական զբօսաշրջութեան վայր մըն է: Ան կը գտնուի Աշտարակէն արեւմուտք, 14քմ. / 8.6 մղոն հեռաւորութեան, Արագածի հարաւային լանջին վրայ: Այստեղ կը գտնուին Բիւրականի աստղադիտարանը , Սբ. Յովհաննէս պազիլիք եկեղեցին (10-րդ դար) եւ Արտաւազիկ եկեղեցին (7-րդ դար)՝ 13-րդ դարու հսկայ իր խաչքարով։
Բիւրականի Աստղադիտարանը
Բիւրականի աստղադիտարանը հիմնուած է 1946-ին, հռչակաւոր գիտնական, աստղաֆիզիկոս՝ Վիքթոր Համբարձումեանի կողմէ։Ան դարձաւ Աստղադիտարանի առաջին տնօրէնը : Բիւրականի աստղադիտարանը տեղադրուած է Արագած լերան գեղատեսիլ հարաւային լանջին վրայ: Հինգ աստղային հեռադիտակներ զետեղուած են հոն: Բիւրականը հանրային կեդրոն մըն է գիտաժողովներու եւ համագումարներու համար: կարդալ աւելին
Ամբերդ Ամրոցը
Ամբերդ Ամրոցը կը գտնուի 2.300 մ. բարձրութեան վրայ, Արագած լերան լանջին: Կառուցուած է 5-րդ դարուն, Կամսարական
ազնուական ընտանիքին կողմէ։ Կը ներկայացնէ միջնադարի հայկական ամրոցաշինութեան լաւագոյն աւանդոյթն ու իւրայատկութիւնը:
Ամբերդ Ամրոցի Աւերակները
- Երեւանի Հիւսիսային Կողմը
Շրջապտոյտ 5
5.1 Եղվարդ
5.2 Աշտարակ
5.3 Յովհանավանք
/Սաղմոսավանք
Saghmosavannk ParkMatenadaraCascade
5.4 Տառերու Պուրակ
5.5 Քարի Լիճը
5.6 Ամբերդ/Բիւրական
5.7 Արշակունեանց Դամբարան
5.8 Օշական