Աւանդութիւն
Ջերմուկի Հանքային Ջուրը
Ջերմուկի հանքային ջուրի մասին հրաշալի աւանդութիւն մը կայ: Անգամ մը փորձառու որսորդը երիտասարդ եղնիկ մը կը նետահարէ: Վիրաւոր եղնիկը, ոտքերը հազիւ շարժելով կը հասնի Ջերմուկի հանքային աղբիւրներուն, կը նետուի ջուրը եւ հոնկէ բոլորովին առողջ ու ապաքինած դուրս կու գայ: Որսորդը կ'ապշի ջուրին կատարած հրաշքէն, եւ այդ օրուընէ Ջերմուկի հանքային ջուրին համբաւը ամէն կողմ կը տարածուի:
71