ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք #1. Հայկական Բարձրաւանդակ | Page 70

Օգտակար Հանածոներ

Հրաբուխներու տարածուած ըլլալուն շնորհիւ լեռնաշխարհի գրեթէ բոլոր կողմերը հարուստ են հանքային տաք եւ պաղ աղբիւրներով։ Դեռ վաղնջական ժամանակներէն յայտնի եղած են հանքային բուժիչ ջուրերը։ ՀՀ տարածքին մեծ հռչակ ունին Ջերմուկի, Դիլիջանի, Արզնիի, Բջնիի հանքային աղբիւրները, ինչպէս նաեւ նոյն վայրերուն մէջ գործող առողջարանները:

Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ…

Ջերմուկի Ջրվէժը

Ջերմուկի ջրվէժին մասին հետաքրքրական աւանդութիւն մը կայ: Ջրվէժին վերը, ուղղաձիգ ժայռերուն վրայ իշխանի մը ամրոցը կար: Իշխանը շատ գեղեցիկ դուստր մը ունէր, որ իր սիրտը քաջարի ու գեղեցիկ երիտասարդի մը` հովիւի տղուն տուած էր: Ամէն օր՝ կէս գիշերէն ետք, աղջիկը իր ննջարանի լուսամուտէն երկար չուան մը կը նետէր ձոր, որով հովիւի որդին խորունկ կիրճէն իր քով կը բարձրանար: Օրերէն օր մը, երբ իշխանը պատահմամբ կը գտնէ այդ չուանը, կ'անիծէ իր աղջիկը` ըսելով, թէ ջրահարս կը դառնայ ու ջուրէն այլեւս դուրս չելլեր, եթէ շարունակէ հովիւի որդին տեսնել: Աղջիկը սովորական հանդիպման ժամանակ չուանին տեղ ժայռի բարձունքէն իր երկար վարսերը կը կախէ, սակայն նոյն ակնթարթին հօր անէծքը կ'իրականանայ. գեղեցկուհին ջրահարս կը դառնայ, իսկ անոր կիրճ թափուող գեղեցիկ վարսերը կը դառնան ջրվէժ, որ ժողովուրդը «Ջրահարսի Վարսեր» անուանած է:

70