Գետերը
Իր աշխարհագրական բարձր դիրքին շնորհիւ, Հայկական լեռնաշխարհը Առաջաւոր Ասիոյ խոշոր գետերու ջրաբաշխն է։ Այստեղէն սկիզբ կ'առնեն, Արաքս, Եփրատ, Տիգրիս, Ճորոխ եւ Կուր գետերը, որոնք կը թափին Պարսից ծոց, Կասպից, Սեւ ծովեր։
Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ…
Արաքս Գետը
Հայկական աղբիւրներու մէջ Արաքս գետը յիշատակուած է Երասխ, Արաքս անուանումներով, իսկ արաբական աղբիւրներու մէջ` Արազ։ Ան վաղնջական ժամանակներէն ի վեր հայոց կարեւոր բնօրրաններէն մէկը եղած է եւ ջուր մատակարարած է Մեծ Հայքի Այրարատ, Սիւնիք, Արցախ, Փայտակարան, Վասպուրական նահանգներուն, այդ պատճառով ալ յաճախ Մայր Արաքս կոչուած է:
Պատմահայր Մովսէս Խորենացին (5-րդ դար) Երասխի անունը Հայկ Նահապետի թոռ, Արամայիսի թորան՝ Երաստի անունին հետ կը կապէ։ Ան գրած է. «Արամայիսը իր բնակութեան համար գետափնեայ բլուրի մը վրայ տուն կը շինէ եւ իր անունով կը կոչէ Արմաւիր, իսկ գետը կը կոչէ Երասխ՝ իր թորան՝ Երաստի անունով»։
Հայկական լեռնաշխարհի գետերը
36