Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ…
Հայկական Լեռնաշխարհի Քանդակագործութիւնը
Վիշապաքարեր
Հայերը կառուցած են ջրանցքներու եւ առուների ցանցեր, որոնք սկիզբ կ'առնէին լեռնային աղբիւրներէն: Աղբիւրներու ակունքներու, ջրանցքներու, ջրամբարներու, արհեստական լիճերու մօտակայքը հայտնաբերուած են հսկայ ձուկի տեսք ունեցող քարակոթողներ` «վիշապներ» կամ «վիշապաքարեր»:
Վերջիններս հնագոյն քարակոթողներ են, մենաքարերու խորհրդանշական տարբերակներ: Անոնցմէ շատեր կը պատկանին Ք.ա. 3-րդ հազարամեակին, ունին ձուկի նմանութիւն` օձ, ցուլ, խոյ, արագիլ եւ այլ կենդանիներ ու թռչուններ պատկերող քանդակներով: Կ'ենթադրուի, որ այդ քարակոթողները եղած են երկրագործութիւնն ու ոռոգումը հովանաւորող, ջուրի պաշտամունքը անձնաւորող աստուածութիւններու կուռքեր:
Սեւանայ լիճի մօտ (Գեղամայ լեռներուն վրայ) պահպանուած են երկու վիշապաքարեր, որոնցմէ մեծը մօտ 3.5 մ. է: Վիշապաքարեր յայտնաբերուած են նաեւ Արագածի լանջերուն: Ատոնք քանդակագործական արուեստի իւրօրինակ կոթողներ են: Շատ վիշապաքարեր քրիստոնէութեան շրջանին վերածուած են խաչքարերու:
35