Երկուշաբթի 2 Յուլիս 2018- Թիւ 1 ՀԱՅՐԵՆԻՔ- ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ
Էջ 7
Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութեան Կրթութեան Նախարարութեան ուղենիշը
Կրթութիւն եւ գիտութիւն
Հայոց Պատմութեամբ մեզի յայտնի ժամանակներու ամենամեծ իմաստասէր հայորդին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցն է, որ աւանդած է, թէ այս աշխարհը դպրոց է, ուր կը ծնուին մարդիկ ՝ որպէսզի կրթուին ու հնարաւորին չափ կատարելութեան հասնին, եւ օգտակար դառնան հեռու եւ մօտիկ մարդկութեան ։ Սա այն խարիսխն է, որուն յենուելով նորածինը կը ձեւաւորուի եւ ժամանակի հետ կը կայանայ որպէս պիտանի ՄԱՐԴ ։ Ահա ՀԱՅ մարդու գիտակցութեան առաջնահերթութիւնը, որմէ կը բխին ինքնաճանաչողութեան ապա եւ ընդհանուր ճանաչողութեան կառուցողական նախադրեալները ։ Մարդկութեան մեծագոյն դժբախտութիւններէն մէկն այն է, որ շատ շատերը աշխարհ կուգան ու կը մեկնին անկէ ՝ չդառնալով ինքնուրոյն անհատականութիւն ընդհանրապէս ։ Այո, կրնան ձեռք բերել կրթութիւն, արհեստ, բարձրագոյն ուսում, տիտղոսներ, հարստութիւն ՝ բայց իրենց տեղը չեն գտներ հանրութեան մէջ, որովհետեւ չեն կրնար բացայայտել իրենց գոյութեան բուն նպատակն ու առաքելութիւնը, եւ աջ ու ձախ կը խարխափին ամբողջ կեանքի ընթացքին, եւ այդ պատճառով ալ վնաս կուտան շրջապատին ՝ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, փոխանակ օգտակար ըլլալու ։ Ինչո ՞ ւ, որովհետեւ իրենց կեանքի սկզբնական շրջանին չեն ստացած այն անհրաժեշտ ճանաչողական գիտելիքները ՝ որոնցմով պիտի նաւարկէին կեանքի յորձանուտին մէջ ։ Հայ մարդն ի սկզբանէ եւ մինչեւ 19-20-րդ դարերու ցեղասպանութիւնը ՝ ունեցած է կենցաղավարութեան եւ զարգացման բոլոր կարգ ու կանոնները, եւ ապրած է անոնցմով, եւ դարեր շարունակ հեռու մօտիկ ազգերու կողմէ ճանչցուած է Աստուածային Օրէնքներու կրող, իր երկիրն ալ Օրէնքներու երկիր ՝ բայց վերջին 150 տարիներուն օտարները այդ ամէնը ներկայացուցած են որպէս ՀԱՅ մարդու մեծամտութիւն, հիւանդագին հոգեբանութիւն, մինչդեռ երբ կը նայիս շուրջ բոլորդ ՝ կը տեսնես ՀԱՅ մարդու վերելքներն ու յաջողութիւնները աշխարհի բոլոր կեդրոններուն մէջ, բացի իր երկիրէն ։ Ցեղասպանութիւնը խարխլեց ՀԱՅ մարդու հաւատքն իր պապերու փոխանցած խորհուրդներուն եւ թողած մշակութային ժառանգութեան հանդէպ, ու կտրեց զինք իր արմատներէն ։ Եւ մեր գիտուններէն ոմանք ամբողջ մէկ դար ու աւելի ինկան մեր անկման պատճառները որոնելու ետեւէ, մեղադրեցին թիւրքին, հրեային, պարսիկին, արաբին, ապա եւ անգլիացիին ու ֆրանսացիին, ռուսին ՝ բայց չնայեցան մեր պատմութեան էջերուն խորքերը, կամ չըմբռնեցին անոնց մէջ դրուած ուղերձները, ուստի եւ չկրցան ուղղել մեր ազգը դէպի աղբիւրը լոյսի, որով կարելի էր բուժուիլ ու վերակառուցուիլ ։ Այսօր կրնանք հաւաստիացնել, որ գտնուած են հիմքերը ՀԱՅ դպրոցի, որով առաջին հերթին մեր լեզուն կը բարձրանայ համաշխարհային բարձրագոյն պատուանդանին, անոր յենուած մեր մշակոյթը կրնայ տալ կիրառական նորարարութիւններ, կը ճշգրտէ մարդկութեան պատմութեան իսկութիւնը, ժամանակագրութիւնը, եւ կրնայ բացայայտել գալիքի գիտութիւնները ։
ՄՈՎՍԷՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ Արեւմտեան Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարար
Հայ ազգային երաժշտական դպրոց
19-րդ դարուն Կոմիտաս վարդապետը ուսումնասիրեց հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունեցող հայկական մշակոյթը, մաքրեց զանոնք օտար ազդեցութիւններէ եւ ստեղծեց ազգային երաժշտական դպրոց ։ Ցեղասպանութենէն ետք ո’ չ Արեւմտեան Հայաստանի, ո’ չ ալ Սովետական Հայաստանի մէջ կեանքի կոչուեց այդ դպրոցը ։ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս արգիլուեցաւ << հայ >> բառը, իսկ Սովետական Հայաստանի երաժշտական մասնագիտական դպրոցի հիմքին դրուեցաւ Եւրոպական համակարը, որն զգալի տարբերութիւններ ունի մեր ազգային երաժշտութենէն ։ << Հայկական եկեղեցական եւ ժողովրդական երաժշտութիւնը հիմնուած է ոչ թէ եւրոպական ութնեակի համակարգի վրայ, այլ քառալարի սիստեմի վրայ ՝ այնպէս, որ նախորդ քառեակի վերջին ձայնը կը դառնայ յաջորդի առաջին ձայնը ։ Մեր երաժշտութիւնն իր ամբողջ ազգային ոգիովն ու ոճով նոյնքան արեւելեան է, որքան որ պարսկական-արաբականն է. բայց ո ՛ չ պարսիկ-արաբականը մերն է, և ո ՛ չ ալ մերը նորա մի մասն է. այլ խնդիր է ՝ թէ նոցա ազդեցութեան ենթարկուած է. ճիշտ այնպէս, որպէս մեր լեզուն հնդ-եւրոպականի մէկ ճիւղն է, այսպէս են և պարսկերէնը, քրդերէնը, գերմաներէնը, եւ այլն, բայց մեր լեզուն ո ՛ չ գերմաներէն, ո ՛ չ քրդերէն եւ ո ՛ չ ալ պարսկերէն է >>։ Կոմիտաս Հայութեան պահպանութեան համար շատ կարեւոր կը համարենք մշակոյթի մաքուր, ճիշտ մատուցումն ու տարածումը ։ Ատոր համար կարեւոր խնդիր է ազգային << դպրոցի >> ստեղծումը ։ Արեւելեան Հայաստանի մէջ հեշտ է խնդիրի լուծումը ։ Արդէն որոշ քայլեր կ ՛ արուին ազգագրական երգերը տարածելու համար, որոնք պիտի անհրաժեշտութիւն ստեղծեն աւելի մասնագիտական լուծումներու համար’ երգուսուցումներ, ձայնագրութիւններ, դասախօսութիւններ, պարուսուցումներ …. Արեւմտեան Հայաստանի մէջ աւելի բարդ է խնդիրը ։ Հաւանաբար անհրաժեշտութիւն կայ էլեկտրոնային’ տարբերակով աշխատելու ։ Օրինակ, եթէ ստեղծուի կայք մը, ուր ամփոփուած կ ՛ ըլլան ազգագրական երգերու ձայնագրութիւններ, Կոմիտասի յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները, տարբեր երաժիշտներու մշակումներ ու աշխատութիւններ, ինչը լաւ ուղղութիւն կրնայ դառնալ որեւէ սկսնակ երաժիշտի կամ առհասարակ ազգային մշակոյթով հետաքրքրուող անձի համար ։
Անի Նաւասարդեան Արեւմտեան Հայաստանի Մշակոյթի Նախարար www. westernarmeniatv. com