Երկուշաբթի 2 Յուլիս 2018- Թիւ 1
ՀԱՅՐԵՆԻՔ- ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ Էջ 5
Միջազգային
Արեւմտեան Հայաստան Ազգային Խորհուրդի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 37-րդ նստաշրջանին
Լիդիա Մարկոսեան Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի պատուիրակութեան անդամ
Ժընեւ, 15 Մարտ 2018 թ ․ Կէտ 5- Կառուցուածքներ ու մեքանիզմենր ՝ մարդու իրաւունքները պաշտպանելուԾայրահեղ աղքատութեան պատճառները, անոնց անտեսումը, ներառեալ փոքրամասնութիւններու եւ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու լուրջ խախտումները ՝ չեն գտնուիր մեր միտքերուն մէջ, սակայն ներկայ են շուկայի կոյր օրէնքներով առաջնորդուող համաշխարհայնացման ծայրահեղ ազատականներու տեղեկագիրներուն մէջ ։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը ձախողուած է պաշտպանելու ազգային փոքրամասնութեան մը պատկանող անձի իրաւունքները, մշակութային, ծագումնաբանական եւ լեզուական փորքրամասնութիւններու իրաւունքները ։ Միջազգային Պայմանագիրի 27-րդ յօդուածը, որ կը վերաբերի 1966 թուականին ընդունուած քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներուն, ուր ՄԱԿ-ի յայտարարութիւնն է յանձինս ազգային, ծագումնաբանական եւ լեզուական փոքրամասնութիւններուն ՝ սակայն ան 1992 թուականէն ի վեր չէ կիրառուած, Պետութիւններու քաղաքական կամքի բացակայութեան պատճառով ։ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բնիկ Հայերու բնաջնջումը ՝ հիմք ծառայած է ստեղծելու գենոսիդ( ցեղասպանութիւն) եզրոյթը, եւ զայն ծածկագրելու միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս ։ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու սերունդները կը պահանջեն իրենց նախնիներու տարածքին վերադառնալու իրաւունքը, եւ Թիւրքիոյ կողմէ իրենց ազգային արժէքներու եւ մարդկային տեսակի պաշարներու ապօրինի սեփականացման դատապարտումը ։ Այս պահին Թիւրքիան միաբանութեամբ ՆԱՏՕ-ի զօրքերուն եւ Ջիհադիստներու հետ գաղտնի միաբանութեամբ, նաեւ Արեւմուտքի բարեհաճութեամբ ՝ կը կարեւորէ իր ռազմական յարձակումը Սուրիոյ հիւսիսի Աֆրին քաղաքի մէջ գտնուող բնիկ ժողովուրդներուն եւ փոքրամասնութիւն կազմող քիւրդերուն վրայ ։ Թիւպաժ Ամարուն, Համաշխարհային Խաղաղութեան Կոնֆերանսը եւ բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչները ստորագրած են Յայտարարութիւն մը, որ կը պահանջէ Անվտանգութեան Խորհուրդի հրատապ հանդիպումը ՝ որպէսզի դատապարտեն Թիւրքիոյ
Լոնդոնի մէջ կը շարունակուի CONIFA-ի աշխարհի առաջնութիւնը
Արեւմտեան Հայաստանի ֆուտբոլի ազգային հաւաքականը
Լոնդոնի մէջ շարունակուող CONIFA-ի աշխարհի առաջնութեան ընթացքին ՝ Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականն արդէն անցուցած է երեք խաղ ։ Փանջաբի դէմ խաղին ՝ Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականը 1 ։ 0 յաղթեց, իսկ Կաբիլիայի դէմ խաղին գրանցեց բարձրաթռիչ յաղթանակ ՝ 4 ։ 0 հաշուով, առաջ անցնելով հակառակորդ թիմէն ։ CONIFA-ի աշխարհի առաջնութեան D խումբին մէջ Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականը 7 միաւորով առաջատարն է ։ Նշենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի դաժան ճակատագիրին պատճառով ՝ Արեւմտեան Հայաստանի ֆուտբոլի ազգային հաւաքականն առանձինն կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայ ժողովուրդը, պայքարելով CONIFA-ի ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ չճանաչցուած պետութիւններու աշխարհի առաջնութեան ։ Արեւմտեան Հայաստան Պետութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ չէ ճանչցուած ՝ Թիւրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած ըլլալուն պատճառով: Այս տարի մեր թիմին կ ՛ աջակցին միջազգային ֆուտբոլիստներ Արթուր Եդիգարեանը եւ Գէորգ Կասպարովը ։ Հաշուի առնելով հաւաքականի յաջող խաղերը ՝ թիմը եզրափակիչ դուրս գալու մեծ հնարաւորութիւններ ունի ։
www. westernarmeniatv. com