Էջ 4
ՀԱՅՐԵՆԻՔ - ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ
Երկուշաբթի 2 Յուլիս 2018 - Թիւ 1
Միջազգային
Արեւմտեան Հայաստանն ու
ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդը
Ժընեւ, 26 Յունիս 2018 թ ․
ՄԱԿ-ի
Մարդու
իրաւունքներու
Խորհուրդը 2018 թ.-ի Յունիսի 18-էն
մինչեւ Յուլիսի 6-ը կ՛անցընէ իր 31-րդ
հերթական նիստը Ժընեւի մէջ, Մարդու
իրաւունքներու
դահլիճին
եւ
քաղաքակրթութիւններու
Դաշինքի
(Սրահ XX) Ազգերու Պալատին մէջ:
Նիստը, որ բացուած է Երկուշաբթի,
Յունիս 18-ին, ժամը 9: 00-ին՝ Սլովենիայի
դեսպան Վոժիսլաւ Սուչի նախագահու-
թեամբ, վերջինն է, որուն կը մասնակցի
ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքների Գերագույն
Յանձնակատարը՝ Պարոն Զիյադ Ռաադ Ալ
Հուսէյնը, որու լիազօրութիւնը կ՛աւարտուի
եկող Օգոստոսի վերջին: Պրն․ Զիյադը
Երկուշաբթի օրը, ժամը 9-ին, Խորհրդին
պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր
Յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ
իրականացուող աշխատանքները Մարդու
իրաւունքներուն շուրջ, անցեալ տարուայ
Մարտ ամսի Խորհուրդի նիստէն ի վեր:
Այս երեք շաբաթեայ նիստերուն ընթաց-
քին՝ Խորհուրդը պիտի քննարկէ մարդու
իրաւունքներու փորձագէտներուն կողմէ
ներկայացուած աւելի քան հարիւր զեկոյց,
նաեւ այլ քննչական մարմիններէ եւ
երկիրներէ եկող բազմաթիւ այլ նիւթեր: Այն
նաեւ պիտի անցընէ երեք թեմատիկ
քննարկումներ եւ պիտի քննէ ընդունելու
համար 14 երկիրներէ փոխանցուող իր
աշխատանքային խումբերու զեկոյցները,
որոնք կ՛ընդգրկեն անոնց պարբերական
համընդհանուր գործերը:
Այստեղ կը ներկայացնենք Արեւմտեան
Հայաստանի
Ազգային
Խորհուրդի
Նախագահ
Պարոն
Արմենակ
ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ 2018 թ.-ի Յունիսի 26-ի
խօսքը.
Կէտ 4.- Մարդու Իրաւունքներու կառուց-
ուածքը, որ կը պահանջէ Խորհուրդի
ուշադրութիւնը։
Պարոն Նախագահ,
Մենք կը ցանկանք Խորհուրդի ուշադրու-
թիւնն ուղղել յատկապէս երկու զգայուն
կէտերու վրայ:
Առաջին կէտ - Տարածքներ բռնագրաւելու
իրավիճակին, որ կ՛աճի Միջին Արեւելքի
շարք մը երկրներուն մէջ՝ ինչպէս Իրաքի,
Սուրիոյ, Կիպրոսի, նաեւ Արեւմտեան
Հայաստանի տարածքներուն։
Մէկը միւսին ետեւէն անոնց ինքնիշխանու-
թիւնը
կը
զերոյանայ,
ագահութիւնը
կ՛առաջացնէ Պետութիւններու մասնակի
կամ ամբողջական ոչնչացում:
Երկրորդ կէտ - Անպաշտպան բնիկ
ժողովուրդները
կը
ցեղասպանուին,
կ՛ոչնչացուին, կը մանրացուին, կը քայ-
քայուին պետական զանգուածային ՝
ոչնչացման Պետական համակարգերով առանց որեւէ փոխյատուցման, կամ նոյն-իսկ
գոյութեան իրաւունքի ակնյայտ ճանաչման, ինչը այսօր փոխարինուած է փախստական
դառնալու կամայական կարգավիճակով՝ լրացնելու համար Մարդու Իրաւունքներու
կիրառութեան կամաւոր ընտրութեան բացթողումները:
Որո՞նք են այս ապակառուցողական եւ աղետալի իրավիճակի իրական պատճառները.
Այն փաստը, որ գրեթէ 100 տարի առաջ Մեծ պատերազմէն սկսեալ՝ Ազգերու Լիգան
ստեղծուեցաւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան համար, եւ
ապահովելու համար բոլոր 154 փոքր Պետութիւններու անկախութեան եւ տարածք ային
ինքնիշխանութեան փոխադարձ երաշխիքը՝ Կայսրութիւններէն:
Նկատի ունենալով Ազգերու Լիգան՝ Նախագահ Ուիլսոնը հաստատեց, որ պէտք է
ձեւաւորուի Ազգերու ընդհանուր միութիւն մը։
Ի՞նչ է դրութիւնը այսօր։ Հայ ժողովուրդի դէմ կատրուած ցեղասպանութիւնը, մօտ երկու
միլիոն բնիկ ժողովուրդ համակարգուած ձեւով բնաջնջուած է, քաղաքակրթութիւն մը
ոչնչացուած է, Արեւմտեան Հայաստանը անկախ Պետութիւն ճանչցուած է
Դաշնակիցներու Գերագոյն խորհուրդին կողմէ, անոր սահմանները գծուած են
նախագահ Ուիլսոնի կողմէ, սակայն ան ՄԱԿ-ի անդամ չէ տակաւին՝ քանի որ Թիւրքիան
զայն բռնագրաւած է:
Այնուամենայնիւ լուծումը գոյութիւն ունի։ Ոճրագործ Պետութիւնները օրինական
ճանապարհով հնարաւորին չափ շուտ պէտք է պատասխան տան իրենց արարքներուն,
եւ եւ փոխհատուցեն, եւ մինչեւ աշխարհը կը կարգաւորէ այս բնոյթի յանցագործութեան
համար
փոխհատուցման
հարցը՝
ցեղասպանութեան
հետ
կապուած
յանցագործութիւններու չարորակ ուռուցքները կը տարածուին բոլոր ազգերուն եւ
ժողովուրդներուն վրայ, եւ մենք այլեւս չենք կրնար խօսիլ ինքնորոշման մասին՝ այլ
ինքնաոչնչացման, ինչը անխուսափելի իրականութիւն է, Մարդու Իրաւունքներու
կառուցուածքը պարտադրաբար պէտք թափանցիկ ըլլայ եւ բոլոր տուեալները հաշուի
առնէ ի ծնէ:
Ժորեսը 1899 թ.-ին հաստատեց. «Մենք հասած ենք այն ժամանակին՝ երբ մարդկութիւնը
այլեւս չի կրնար ապրիլ՝ քանի իր բջիջներուն մէջ սպաննուած ժողովուրդի մը մարմինը
կայ»: Քսաներորդ դարը դաժանօրէն կը ժխտէ այն՝ ինչ տեղի պիտի ունենայ
քսանմէկերորդ դարուն:
Շնորհակալութիւն Պարոն Նախագահ:
Արմենակ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ
www.westernarmeniatv.com