ՀԱՅՐԵՆԻՔ - Թիւ 01 ՀԱՅՐԵՆԻՔ No. 1- 02.07.18 | Page 5

Երկուշաբթի 2 Յուլիս 2018- Թիւ 1 ՀԱՅՐԵՆԻՔ- ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ
Էջ 3
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւն
Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութեան 2018 թուականի աշխատանքային օրակարգը
Վարչապետ Գառնիկ Սարգիսեանի ղեկավարած Արեւմտեան Հայաստանի ներկայ Կառավարութեան առաքելութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի 2018 թուականի Դեկտեմբերին, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք: Մնացած այդ 6 ամիսներուն ընթացքին ՝ Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութեան աշխատանքային օրակարգին մաս պիտի կազմեն հետեւեալ հիմնախնդիրները, մօտաւորապէս առաջնահերթութեան հաւասար կարգով. ա. Աշխուժացնել եւ զարգացնել ՝ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքներուն նկատմամբ հասարակական գիտակցութիւն տարածելու ուղութեամբ մշակուած եւ ծրագրուած աշխատանքները, թէ ՛ գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներէն ներս, եւ թէ ՛ աշխարհասփիւռ Հայկական համայնքներուն մէջ: բ. Աշխուժացնել եւ զարգացնել մշակուած եւ ծրագրուած այն բոլոր աշխատանքները ՝ որոնք կը նպաստեն եւ կը խթանեն Արեւմտեան Հայաստանի Հայութեան մօտ ձեւաւորուող եւ օր ըստ օրէ խարիսխաւորուող ՝ ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը: գ. Բազմացնել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնապէս արձանագրուած քաղաքացիներու թիւը: Այս միջոցով, Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութիւնը միջազգային օրէնքի չափանիշերով հնարաւորութիւն կ ' ընձեռէ իւրաքանչիւր Արեւմտեան Հայաստանի Հայուն ՝ տէր կանգնելու Գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի հողին եւ այլ իրաւունքներուն: դ. Զարգացնել եւ ամրապնդել տարբեր բնոյթներու ծրագրային միասնական աշխատանքներ ՝ տարածաշրջանի միւս բնիկ ժողովուրդներուն հետ, հեռանկարային քաղաքական, մշակութային եւ ռազմավարական այլ նպատակներով: ե. Առաջնահերթութիւն ցուցաբերել գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներէն ներս ապրող Հայութեան հետ բոլոր տեսակի համագործակցութեան ուղութեամբ: զ. Շարունակել եւ զարգացնել ՄԱԿ-ի եւ միջազգային այլ ուղութիւններով տարուած իրաւա-քաղաքական աշխատանքներն ու երկխօսութիւնները:
Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութիւնը եկող ամիսներուն ընթացքին կը պատրաստուի միանալ միջազգային շարք մը համաձայնագիրներու եւ այլ փաստաթուղթերու կամ վաւերացումներու
24 Յունիս 2016-ին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Սեւրի դաշնագիրի վաւերացումը իր դրական խոր անդրադարձը ունեցաւ թէ ՛ Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառոյցի աշխատանքներուն, եւ թէ ՛ տարածաշրջանին մէջ ընթացող աշխարհաքաղաքական անցուդարձերուն վրայ:
Տարբեր եղանակներով, նման անդրադարձ եւս ունեցաւ ՝ 9 Օգոստոս 2016-ին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ՄԱԿ-ի « Ծովային Իրաւունքի մասին » համաձայնագիրին վաւերացումը: Ներկայ պահին շարք մը վաւերացումներուն եւ միացման որոշումներուն համապատասխանող նախագիծերը մշակուած են եւ կը սպասեն յարմար պահի:
Հատուկ միջոցարումներ
4 Օգոստոս 2018-ին Կիլիկիոյ անկախութեան հրչակագրի 98-րորդ տարեդարձը
10 Օգոստոս 2018-ին Սեւրի Խաղաղութեան դաշնագրի ստորագրման 98-րորդ տարեդարձը
Տեղի կ ' ունենան, Արեւմտեան Հայաստանի կեդրոնի դահլիճէն ներս երեկոյան ժամը 19:00-ին
Երեւան, Ագադանգեղոս 2
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Գառնիկ Սարգիսեանի հանդիպումները բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի Հայութեան հետ
2018 թուականի սկիզբէն ՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Գառնիկ Սարգիսեանը բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցաւ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի Հայութեան տարբեր ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումները տեղի ունեցան ջերմ մթնոլորտի մէջ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի Հայութեան հիմնախնդիրները: Միւս կեղմէ Վարչապետը անոնց իրազեկեց կառավարութեան եւ ողջ Արեւմտեան Հայաստանի պետական համակարգի իրականացուցած աշխատանքներուն մասին, թէ ՛ ՄԱԿ-ի տարբեր շրջանակներէն ներս, եւ թէ ՛ այլ քաղաքական գործունէութիւններուն վերաբերեալ: Հարկ է նշել, որ սոյն հանդիպումները տեղի ունեցան թէ ՛ Կիլիկիոյ եւ թէ ՛ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներէն ներս ապրող Հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ, ազգային գիտակցութեան եւ վճռակամ-ութեան բարձր մակարդակով: Քննարկումները ընդգրկեցին նաեւ լայնածաւալ եւ մասնագիտական վերլուծումներ միջազգային օրէնքի բոլոր հնարաւորութիւններուն մասին: Հայրենիքի հողին տէր կանգնող Հայութիւնը հաստատելով իր Հայկական ինքնութիւնը ՝ կտրուկ կերպով կը մերժէ մնալ բռնագրաւող թրքական իշխանութեան ներքոյ, եւ դէմ է " թրքական ժողովրդավարութեան " սին եւ դաւադիր քօղին տակ թագնուած բոլոր այլ ծրագիրներուն:
www. westernarmeniatv. com