ՀԱՅՐԵՆԻՔ - Թիւ 01 ՀԱՅՐԵՆԻՔ No. 1- 02.07.18 | Page 17

Երկուշաբթի 2 Յուլիս 2018- Թիւ 1 ՀԱՅՐԵՆԻՔ- ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ
Էջ 15
Պետական փաստաթուղթեր
2) Ժողովուրդն իր իշխանութիւնը կ ' իրականացնէ ազատ ընտրութիւններու եւ հանրաքուէներու եղանակով, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով նախատեսուած պետական մարմիններու եւ պաշտօնատար անձերու միջոցով: 3) Իշխանութեան իւրացումը որեւէ կազմակերպութեան կամ անհատի կողմէ ՝ յանցագործութիւն է: Յօդուած 4. 1) Մարդ անհատն ու բնիկ ժողովուրդները, անոնց արժանապատւութիւնը, հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները ՝ բարձրագոյն արժէքներ են: 2) Պետութիւնը կ ' ապահովէ մարդ անհատի, քաղաքացիի եւ բնիկ ժողովուրդներու հիմնական իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն պաշտպանութիւնը ՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն համապատասխան: Յօդուած 5. Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ հանրաքուէները տեղի կ ' ունենան ընդհանուր, հաւասար, ուղղակի ընտրական իրաւունքի հիման վրայ ՝ գաղտնի քուէարկութեամբ: Յօդուած 6. 1) Պետական իշխանութիւնը կ ' իրականացուի Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն համապատասխան ՝ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատաիրաւական իշխանութիւններու բաժանման, անոնց հաւասարակշռութեան ու ներդաշնակութեան հիման վրայ: 2) Պետական մարմիններն ու պաշտօնատար անձեր իրաւասու են կատարելու միայն այնպիսի գործողութիւններ ՝ որոնց համար լիազօրուած են Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով: Յօդուած 7. 1) Սահմանադրութիւնն ունի բարձրագոյն իրաւաբանական ոյժ, եւ Սահմանադրութեան չափանիշները կը գործեն անմիջականօրէն: 2) Օրէնքները պէտք է համապատասխանեն Սահմանադրութեան: Այլ ներպետական իրաւական որոշումները պէտք է համապատասխանեն Սահմանադրութեանն ու օրէնքներուն: Ներպետական չափանիշով իրաւական որոշումները կ ' ընդունուին Սահմանա-դրութեան ու օրէնքներուն հիման վրայ ՝ անոնց իրականացումն ապահովելու նպատակով: 3) Օրէնքները եւ այլ ներպետական կանոնական իրաւական որոշումները ուժի մէջ կը մտնեն օրէնքով սահմանուած կարգով ՝ պաշտօնական հրապարակումէն ետք: 4) Սահմանադրութեան հակասող ճանչցուած օրէնքները, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութեան կամ օրէնքին հակասող ճանչցուած այլ ներպետական իրաւական որոշումները եւ կամ պայմանագիրները իրաւական ոյժ չունին: 5) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային պայմանագիրները ՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւական համակարգի բաղկացուցիչ մասն են: 6) Օրէնքներն ու այլ իրաւական որոշումները պէտք է համապատասխանեն միջազգային իրաւունքի հանրաճանաչ սկզբունքներուն եւ կանոնական չափանիշներուն: 7) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան համար միջազգային պայմանագիրները ուժի մէջ կը մտնեն միայն վաւերացուելէ կամ հաստատուելէ ետք: Եթէ վաւերացուած միջազգային պայմանագիրներուն մէջ սահմանուած ըլլան այլ կանոնական չափանիշներ քան նախատեսուած են օրէնքներով ՝ ապա կը կիրառուին պայմանագիրի կանոնական չափանիշները: 8) Սահմանադրութեանն հակասող միջազգային պայմանագիրները կարելի չէ վաւերացնել: Սահմանադրութեան օրէնքին հակասող պայմանագիրները կարելի չէ հաստատել: Յօդուած 8. 1) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին կ ' երաշխաւորուին տնտեսական գործունէութեան ազատութիւնն ու ազատ տնտեսական մրցակցութիւնը: 2) Արգիլուած է անբարեխիղճ մրցակցութիւնը: 3) Մրցակցութեան սահմանափակումը, մենաշնորհի թուլատրելի տեսակներն ու սահմանները կը սահմանուին միայն օրէնքով ՝ եթէ անոնք անհրաժեշտ համարուին հանրութեան շահերը ապահովելու համար: 4) Պետութիւնը կ ՛ երաշխաւորէ սեփականութեան բոլոր ձեւերու ազատ զարգացումը եւ հաւասար իրաւունքի պաշտպանութիւնը: Յոդուած 9. 1) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական հասարակութեան հիմքերը կը կազմեն ու կը ձեւաւորեն հասարա-կական կառոյցներն ու կազմաւորումները, շարժումները, հայրենասիրական, հայրենակցական, մշակութային ու հոգեւոր, արհեստակցական միութիւններն ու միաւորումները: 2) Անոնք կը կազմաւորուին ազատօրէն, կը նպաստեն ժողովուրդի ազգային – պետական կամքի ձեւաւորմանն ու արտայայտման: Անոնց գործունէութիւնը չի կրնար հակասել Սահմանադրութեան եւ օրէնքին, իսկ գործելակերպը ՝ ժողովրդավարութեան սկզբունք-ներուն: 3) Անոնք կ ' ապահովեն իրենց ֆինանսական գործունէութեան հրապարակայնութիւնը: Յօդուած 10.
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհիկ պետութիւն է: Յօդուած 11. 1) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտապէս, զինուած, դրական չէզոք պետութիւն է: 2) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը կ ՛ ապահովեն Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, պաշտպանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը: 3) Զինուած ուժերը քաղաքական հարցերու մէջ կը պահեն չէզոքութիւն, եւ կը գտնուին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի վերահսկողութեան ներքոյ: Յօդուած 12. Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնն իր արտաքին քաղաքականութիւնը կ ' իրականացնէ միջազգային իրաւունքի հանրաճանաչ սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն համապատասխան: Յօդուած 13. 1) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին եւ անոր սահմաններէն դուրս կը գտնուին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան տակ: 2) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու եւ դադրեցնելու կարգը սահմանուած է օրէնքով: Յօդուած 14. 1) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերենն է, գրական արեւմտահայերէնը: 2) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ ' երաշխաւորէ բնակչութեան մէջ տարածում գտած այլ լեզուներու ազատ գործածումը: Յօդուած 15. 1) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշները ՝ դրօշակը, զինանշանը եւ օրհներգը, կը սահմանուին օրէնքով: 2) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշակը հայ կեանքի լոյսն է, որ յավերժութեան, արեւի եւ հայկական պետութեան միջոցով, լոյսի ծիրանագոյնի, պետական մանուշակագոյնի, կապոյտ հորիզոնի եւ ճերմակի ճշմարտութիւններով կը լուսաւորէ Հայաստանը: Դրօշակի մանրամասն նկարագրութիւնը տրուած է օրէնքով: 3) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը վահան է: Զինանշանի մանրամասն նկարագրութիւնը տրուած է օրէնքով: 4) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը « Զարթի ՛ ր լաօ »-ն է: 5) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքը Կարինն է:
Գլուխ II-ը կը հրապարակուի հաջորդ թիւով:
www. westernarmeniatv. com