ՀԱՅՐԵՆԻՔ - Թիւ 01 ՀԱՅՐԵՆԻՔ No. 1- 02.07.18 | Page 11

Երկուշաբթի 2 Յուլիս 2018 - Թիւ 1 ՀԱՅՐԵՆԻՔ - ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ Էջ 9 Արեւմտեան Հայաստանի Մշակոյթ ՃԱՆՉՆԱՆՔ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ արեւելեան լեռներով: Քաղաքին կեդրոնը հսկայ բլուրի մը վրայ կը գտնուէր միջնաբերդը, որ անառիկ ամրոց մըն էր եւ օգտագործուեցաւ բոլոր պատերազմնե- րուն, ներառեալ 1915-ի ինքնապաշտպա- նութեան մարտերու ընթացքին: Ուրեմն, Վանը հին աշխարհի ամառիկ քաղաքներէն մէկն էր, որ կը գտնուի մինչեւ մեր օրերը: Քաղաքը արեւմտեան մասը, որ կը կոչուի Բուն քաղաք կամ Քաղաքամէջ անունը, երեք կողմէն շրջապատուած էր պարիսպներով, իսկ հիւսիսէն բլուրներով: Վիգէն Կ. Թոսունեան ԳԱՒԱՌՆԵՐ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ՎԱՆԸ Արեւմտեան Հայաստան վերադառնալու համար նախ պէտք է որ մտքով վերադառնանք հոն, ճանչնանք այդ շրջանները իրենց մշակոյթով, նիստու- կացով: Ճանչնանք իւրաքանչիւր քաղաք, գիւղ, գաւառ, գետ, լեռ, բլուր իր առանձնայատկութիւններով: Այս անկիւնը պիտի ունենայ այդ նպատակը: Արեւմտ- եան Հայաստանը կը բաղկանայ վեց նահանգներէ՝ Վան, Բաղէշ կամ Պիթլիս, Կարին կամ Էրզրում, Խարբերդ կամ Մամուրէթ Էլ Ազիզ, Տիգրանակերտ կամ Տիարպեքիր եւ Սեբաստիա կամ Սվազ: Վասպուրական նահանգը եղած է մեր պատմական տասնհինգ նահանգներէն մէկը եւ ունեցած է մեծ կարեւորութիւն Այրարատ նահանգին հետ միասին, որովհետեւ կը գտնուէր երկրի կեդրոնական մասին մէջ: Վասպուրականը եղած է Ուրարտացիներու թագաւորու- թեան ամենակարեւոր նահանգը եւ Սարդուրի Ա. Թագաւորը (Ք.Ա.835-825) իր մայրաքաղաքը հաստատած է Տուշպա, ներկայի Վան քաղաքին մէջ: Քաղաքին մէջ շինուած են երկյարկանի եւ եռայարկ տուներ, լայն պողոտաներ, բաղնիքներ ու այլ կառոյցներ: Քաղաքը ունէր ռազմավարական դիրք: Արեւմուտքէն պաշտպանուած էր Վանայ Լիճով, իսկ հարաւէն Հայկական Տաւրոս լեռնաշղթայի Քաղաքին այս մասը ունէր չորս դուռ: Արեւելեան դուռը կը կոչուի Թաւրիզի դուռ, հարաւային դուռերը կը կոչուին Նոր կամ Սարայի դուռ եւ Միջին դուռ: Իսկ արեւմտեան դուռը կը կոչուի Նաւա- հանգիստի դուռ: Քաղաքի հիւսիս արեւելեան կո ղմը կը գտնուի մէկ քիլոմեթր երկայնքով եւ 100 – 120 մեթր բարձրութեմբ քառաժայռ մը, որու վրայ կը գտնուին հին բերդի (Շամիրամի բերդ) պարիսպներու եւ այլ շինութիւններու մնացորդներ ու բազմաթիւ սեպագիր արձանագրութիւններ։ Այս մասին մէջ քաղաքին յատակագիծը անկանոն է, փողոցները՝ նեղ, տուները՝ իրարու կից: Քաղաքին մէջտեղը կը գտնուի շուկան, կառավարչատունը, փոստ- հեռագրատունը, զօրանոցն ու Հայոց Առաջնորդարանը։ Քաղաքին արեւելեան մասը ունէր հարուստ բուսականութիւն, փարթամ այգիներ եւ կը կոչուէր Այգեստան, որ կ’երկարէր շուրջ 4-5 քմ. տարածութեան վրայ։ Այստեղ էր ուռենիներով, կաղամախիներով զարդար- ուած Խաչփողանի փողոցը՝ համանուն հրապարակով։ Միւս փողոցները անկանոն էին, նեղ եւ ծուռումուռ, տուները՝ հողաշէն եւ համեստ։ Այգեստանը այն ժամանակ իր մէջ կ’առնէր Հայկավանք, Նորաշէն եւ Ս.Յակոբ թաղերը։ Այգեստանի մէջ կը գտնուէին անգլիական, պարսկական, ռուսական եւ ֆրանսական հիւպատոսու- թիւնները, աւետարանական հայերու դպրոցն ու որբանոցը։ Ըստ աւանդութեան՝ Ասորեստանի թագուհի Շամիրամը Այգեստանի մէջ կառուցած է նաեւ իր ամառանոցը։ Ուրարտացիներու Մենուա թագաւորի ջրանցքի (Շամիրամի առու) ջուրերով կ’ոռոգուէին քաղաքին հարա- ւային մասի արտերն ու այգիները, ուր կը մշակուէին հացահատիկներ, խաղող եւ պտուղ-բանջարեղէն, յատկապէս ծիրան, խնձոր, դեղձ, տանձ եւ ընկոյզ։ ԺԹ.դարու վերջերէն մինչեւ Ի.դարու սկիգբները Վանէն կահոյքի համար ընկոյզի փայտ կ’արտահանէին Ֆրանսա (Մարսէյ)։ www.westernarmeniatv.com Վասպուրականի Դիրք, Տարածութիւն եւ Բնակչութիւն Վանի նահանգին սահմաններն են՝ հիւսիսէն Էրզրումի նահանգը, արեւ- մուտքէն՝ Պիթլիսի նահանգը, հարաւէն՝ Քիւրտիստանը, արեւելքէն՝ Պարսկա- հայքը: Նահանգի տարածութիւնը մօտաւորապէս 40 հազար քառ. քմ.էր, բնակչութիւնը մինչեւ Եղեռն 350,000 էր, որոնցմէ 200,000-ը հայեր էին։ Վանի նահանգը կը բաժնուէր երկու մասերու՝ Վան եւ Հեքիարի: Վանը ոչ միայն համանուն նահանգին գլխաւոր քաղաքն էր, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի կեդրոնական եւ հայաշատ քաղաքներէն մէկը։ Վան քաղաքը կը գտնուի Վանայ լիճի ափին։ Շրջանի Նշանաւոր Վայրեր Վան քաղաքի հիւսիս–արեւելեան մասին մէջ կը գտնուէին Թոփրակ-Կալէի բարձունքները։ Ասիկա այն հռչակաւոր վայրն է, ուր կատարուած են բազմաթիւ պեղումներ ու յայտնաբերուած են թանկարժէք հնութիւններ, լոյս սփռելով Վանի պատմական մեծ անցեալին վրայ։ Այդ հնութիւնները կամ յափշտակուած են, կամ տարուած են եւրոպական թանգարաններ։ Վանի մէջ կը գտնուի նաեւ Ագռաւի կամ Ակրփու քար կոչուող ժայռը, որ ըստ աւանդութեան, կապուած է «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութիւն հետ։ Փոքր Մհերը, իր հօր՝ Դաւիթի անէծքով փակուած է այդ ժայռ – քարանձաւին մէջ. տարին մէկ անգամ կը բացուէին ժայռին դռները, երկինքէն իջնող մանանայով կը սնանէին Մհերն ու իր ձին, որմէ ետք, նորէն կը փակուէին ժայռին դռները։