Աշուն-Գաթայի Փառատօն
Աշուն-Արենի Գինիի Փառատօն
Եթէ կայ հայկական որեւէ ուտելիք, որ արժանի է ունենալու իր սեփական փառատօնը, ապա այդ ուտելիքը՝ գաթան է։ Գաթան խորիզով լցոնած քաղցր թխուածք է։ Այս փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Խաչիկ գիւղի մէջ 2014-էն ի վեր։ Փառատօնին կրնաք վայելել երգ, պար եւ բացօթեայ ներկայացումներ։ Տաղաւարներէն կրնաք գնել տեղական գաթաներ եւ այլ մթերքներ, ինչպէս` արիշտա եւ ձեռագործ աշխատանքներ: Աշխարհի ամենամեծ գաթան ունի 2,5 մեթր (8 ոտք) շրջագիծ: Եթէ քաղցրակեր էք, ապա անպայման, Սեպտեմբերին, մասնակցեցէք այս միջոցառումին:
2009-էն ի վեր, ամէն տարի, Արենի եւ Ռինդ գիւղերը կ՚այցելեն գինեգործութեան հնագոյն աւանդոյթներու վերազարթօնքով հետաքրքրուած մարդիկ։ Սեպտեմբերի վերջաւորութեան կամ Հոկտեմբերի սկիզբը, գինիի փառատօնը սկիզբ կ՚առնէ Ռինդ գիւղի մէջ՝ տեղական մթերքով եւ խմիչքի մրցոյթներով։ Յաջորդ օր, փառատօնը մեծ շուքով կը շարունակուի Արենիի մէջ։ Այստեղ տնական գինի պատրաստողները եւ գինիի արտադրութեամբ զբաղուող տեղւոյն մեծ ընկերութիւնները իրենց գինին կ՚առաջարկեն փառատօնի հիւրերուն։ Մասնակիցները կը վայելեն նաեւ համեղ ուտեստներ, կը մասնակցին երգի եւ պարի խումբերուն, յուշանուէրներ կը գնեն եւ նոյնիսկ օդապարիկով կը ճախրեն։ Արենիի ոգին ամբողջովին զգալու եւ փառատօնի շունչով յագենալու համար ամպայման մասնակցեցէք շուրջպարին։
Լուսանկարը՝ Սուսաննա Սաֆարեանի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Յատուկ շնորհակալութիւն «Արենի Փառատօն» հիմնադրամի տնօրէն՝ Նունէ Մանուկեանին, այս բաժինի նիւթերը տրամադրելուն համար:
Վայոց Ձորը Տարուան Տարբեր Եղանակներուն