ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 54

Շատ սիրուած մարզի՝ Վայոց Ձորի հովիտները եւ սարալանջերը, կրնաք այցելել որեւէ ատեն։ Սակայն կան յատուկ առիթներ, որոնց պէտք է անպայման մասնակցիք։

Ահաւասիկ փառատօններու ընդհանուր պատկերը:

Ձմեռ-«Ձիւնեմարդ»ի Փառատօն

Ամառ – Ecotourism-ի Փառատօն

Փետրուարեան ցրտաշունչ օրերուն մենք կ՚առաջարկենք այցելել Ջերմուկ, ուր 2012-էն ի վեր կը կազմակերպուի «Ձիւնեմարդ» փառատօնը: Այցելուները ձիւնեմարդ կը պատրաստեն եւ բացօթեայ այլ ժամանցներուն կը մասնակցին։ Կրնաք արշաւներու մասնակցիլ, ճոպանուղիով բարձրանալ ու լուսանկարուիլ։

Փառատօնը առաջին անգամ տեղի ունեցաւ 2016-ի Յունիսին։ Այս փառատօնը այցելուներուն առիթ կու տայ վայելել հրաշագեղ դաշտերով եւ լեռներով շրջապատուած գիւղական համայնքները, մերձենալ Վայոց Ձորի բնութեան, արշաւներու մասնակցիլ, հեծանիւ քշել, ձիավարել, ժայռեր մագլցիլ, ճամբար կազմակերպել եւ մարզանքով զբաղիլ։ Իսկ, տեղացի արհեստաւորները, կրպակներու մէջ կը ցուցադրեն եւ կը վաճառեն իրենց ձեռակերտ աշխատանքները։ Անշուշտ կը վայելէք նաեւ համեղ հիւրասիրութիւն։

Ձիւնեմարդ՝ «Լաւագոյն Ձիւնեմարդ» Մրցոյթին

Լուսանկարը՝ Վազգեն Գալստեանի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID

Լուսանկարը՝ Սուսաննա Սաֆարեանի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID

Վայոց Ձորը Տարուան Տարբեր Եղանակներուն