Զօրաց եկեղեցին 14-րդ դարու պատկանող եզակի կառոյց է: Արեւմտեան մուտքը բաց է, չունի ներքին փակ դահլիճ, աւանդական թաղակապ դահլիճ եւ գմբէթաւոր առաստաղ: Տանիքով ծածկուած են միայն արեւելեան խորանը եւ յարակից երկու աւանդատուները:Նկատելի է խորանի արտասովոր բարձրութիւնը: Ուսումնասիրողներու վկայութեամբ, այդպէս կառուցուած է ձիերու վրայ թամբած զինուորներուն համար, որպէսզի թամբած
մնալով օրհնութիւն ստանան՝ ճակատամարտ մեկնելէ առաջ:
Այս շրջանին, հայ իշխանները կառավարած են մոնկոլներու տիրապետութեան տակ եւ զօրակցած են մոնկոլներուն՝ մամլուքներու եւ թուրք ցեղերու դէմ մղուող պայքարի ժամանակ:
Զօրաց Եկեղեցի
(Համայնապատկերը՝ 360° Stories-էն)
Խաչքար-Շիրմաքար
Լուսանկարը՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Զօրաց Եկեղեցի
Պատմական Տեսարժան Վայրեր
Մոնկոլները ստեղծած են հսկայ կայսրութիւն՝ Խաղաղ Ովկիանոսէն մինչեւ Ադրիական ծով: 13-14 դարերուն կապեր ունեցած են հայ իշխաններու հետ: Գործակցած են Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան կառավարիչներուն հետ (12-14-րդ դար): Հարաւ-արեւելեան Անատոլիոյ մէջ գտնուող Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը ուղղակիօրէն կապուած չէր, նոյնիսկ տարածքային առումով, հայկական լեռնաշխարհէն դէպի արեւելք տարածուող իշխանութեան:
Կարդացէք Աւելին
Զօրաց Եկեղեցին
Լուսանկարները՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Գիտէ՞ք Թէ....