ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 33

Սարաւանդի վրայ կանգնած 10-րդ դարու այս վանքը կը գտնուի Սմբատաբերդի դիմաց: Հոսկէ գեղեցիկ տեսարան կը բացուի դէպի Եղեգիս գետ: Վանքը կազմուած է իրարմէ քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող կառոյցներէ: Գերեզմանատունը եւ վանականներու խուցերը կը գտնուին Ս. Նշան, Ս. Կարապետ, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Յովհաննէս եկեղեցիներու մէջ:

Պատմագիր Ստեփանոս Օրբէլեանի վկայութեամբ, 5-րդ դարուն, Վայոց Ձորի մէջ տեղի ունեցած է 5 ճակատամարտ՝ Սասանեաններու դէմ: Կ՚ենթադրուի, որ մէկը եղած է մօտակայքը։ Այդ ճակատամարտի շնորհիւ հայ ազնուականները պահպանած են իրենց իշխանութիւնը:

Քանդակ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ

Լուսանկարը՝Ռիգ Նէյի, AMAP Մարդկային Զարգացման ՀԿ

Ցաղաց Քար Վանքը

Լուսանկարը՝ Վլատիմիր Գրիգորեանի, AMAP Մարդկային Զարգացման ՀԿ

Ս. Կարապետ Եկեղեցին

Լուսանկարը՝Ռիգ Նէյի, AMAP Մարդկային Զարգացման ՀԿ

Ցաղաց Քար Վանք

Պատմական Տեսարժան Վայրեր

Ցաղաց Քար Վանքը

Լուսանկարը՝ Վլատիմիր Գրիգորեանի, AMAP Մարդկային Զարգացման ՀԿ