Լիբանանի Մասնաճիւղերը
Լիբանանի Շրջանակային Վարչութիւնը կը գլխաւորէ ինն տեղական վարչութիւններ, որոնցմէ եօթը` Պէյրութ կը գտնուին, մէկը Զահլէ, եւ մէկն ալ Թրիփոլի: ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը մեծ մասամբ տեղի կ՚ունենայ Տպայէ (Պէյրութի հիւսիսը) գտնուող «Երուանդ եւ Ալիս Տէմիրճեան» կեդրոնին մէջ: Միութիւնը կրթաթոշակներ կը յատկացնէ աշակերտներու եւ թոշակ կը վճարէ հանգստեան կոչուած ուսուցիչներու:
Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):
ՀԲԸՄ-ի Պաղտատի սկաուտները (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):
Պաալպէք, 10 Յուլիս 1910, Պօղոս Փափազեան
Զահլէ, Ապրիլ 1927, Սերովբէ Կիւրճեան
Պէյրութ, Մարտ 1928, Ռուբէն Էճզաճեան
Ճիւնի, Յունիս 1928, պատուելի Յ. Ե. Ղազարեան
Թրիփոլի, Հոկտեմբեր 1928, Ռոզ Արծրունի
Իրաքի Մասնաճիւղերը
Գաղթականներուն օգնելու նպատակով ստեղծուած Իրաքի մասնաճիւղերէն այժմ մնացած է միայն Պաղտատի կեդրոնը գտնուող մշակութային կեդրոնը, որ հայերէնի շաբաթօրեայ դասեր կը կազմակերպէ, փողերախումբ ունի եւ սկաուտական շարժում մը:
Իրաքի մասնաճիւղի այժմու նախագահը Համբարձում Շեհրանճեանն է:
Պաղտատ, Դեկտեմբեր 1912, Յակոբ Ներսէսեան
Պասրա, Փետրուար 1917, Յակոբ Ղազիկեան
Մոսուլ, Օգոստոս 1931, Պօղոս Ճինիվիզեան
Քիրքուք, Յուլիս 1933, Յովհաննէս Յովհաննէսեան
Միութեան Մասնաճիւղերը. Այլասիրական Առօրեայ Գործունէութեան Մը Պատմութիւնը