ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Seite 71

Սուրիոյ Մասնաճիւղերը

Սուրիոյ Շրջանակային Վարչութիւնը, որուն նստավայրը Հալէպն է, վեց մասնաճիւղեր ունի` Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա, Գամիշլի, Եագուպիէ եւ Քեսապ-Քարատուրան: ՀԲԸՄ-ը կրթաթոշակներ կը յատկացնէ աշակերտներու եւ թոշակներ` հանգստեան կոչուած ուսուցիչներու կամ դժուարութիւններ ունեցող մտաւորականներու: 1968-ին հիմնուած ՀԲԸՄ-ի Քեսապի Կեդրոնին մէջ ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ բանակում: 2006-ի Ապրիլին Հալէպի մասնաճիւղը պիտի կատարէ բացումը նոր կեդրոնի մը` Գալուստ Կիւլպէնկեան անունով, որուն շինարարութեան աշխատանքները սկսած են 2001-ին` արդեամբ համանուն հիմնադրամին: Դամասկոսի մասնաճիւղին գործունէութեան վայրն է 1999-ին հիմնուած Նազարէթ Եագուպեան կեդրոնը: Գամիշլիի մէջ (հիւսիսային Սուրիա), ՀԲԸՄ-ը ունի տեղական գործունեայ մասնաճիւղ մը, ...

կարդալ աւելին

Հալէպի Հայկական Կարմիր Խաչ դարմանատունը (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):

Հալէպի Նաճարեան-Կիւլպէնկեան վարժարանը 1950-ականներուն (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):

Հալէպ, Ապրիլ 1910, Սամուէլ Շմաւոնեան

Դամասկոս, Մարտ 1913, Խաչատուր Գրիգորեան

Պէյլան (Սանճաք), Յունուար 1920, Բաբգէն Յակոբեան

Քեսապ, Մայիս 1924, Նշան Փապուճեան

Լաթաքիա, Հոկտեմբեր 1927, Պետրոս Չպուքճեան

Ազեզ, Օգոստոս 1928, Յովհաննէս Չաղլասեան

Արաբ Փունար, Օգոստոս 1928, Յովհաննէս Թաշճեան

Ճարապլուս (հիւսիս) Օգոստոս 1928, Տիգրան Շահպազեան

Հոմս, Հոկտեմբեր 1928, Տէր Գրիգոր վ. Սարգիսեան

Համա, Հոկտեմբեր 1928, Իսքենտէր Գույումճեան

Տէր Զօր, 1929 Ապրիլ, Վարդան Առաքելեան

կարդալ աւելին

Միութեան Մասնաճիւղերը. Այլասիրական Առօրեայ Գործունէութեան Մը Պատմութիւնը