ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 69

Եգիպտոսի Եւ Ափրիկէի Վարչութիւններ

Այժմ Եգիպտոսի Շրջանակային Վարչութիւնը կազմուած է տեղական երկու մասնաճիւղերէ` Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ: 1976-ին ՀԲԸՄ-ի կարեւոր պատասխանատուներէն Ճանիկ Չաքըրի այրին` Սաթենիկ Չաքըրը, ինքն ալ ՀԲԸՄ-ի անդամ, իր տունը կտակեց Գահիրէի ՀԲԸՄ-ին: Գահիրէի Զամալեք կոչուող հարուստ թաղամասին մէջ կը գտնուէր 4000 քառակուսի մեթր մակերես ունեցող այս տունը: Տիկին Չաքըրը 1982-ին մահացաւ, բայց 1996-ին է որ Գահիրէի Վարչութիւնը կրցաւ լուծել այս տան շահագործումին հետ կապուած իրաւաբանական հարցերը. կալուածին մէկ մասը ծախուեցաւ` հնարաւորութիւն ընձեռելով Միութեան յառաջացած դրամագլուխով, ...

կարդալ աւելին

• Աղեքսանդրիա, Մարտ 1907, Միքայէլ Ռէիսեան

• Գահիրէ, Մարտ 1910, Միհրան Ղազարոսեան

• Խարթում (Սուտան), Յունուար 1911, Գրիգոր Ճերէճեան

• Ատիս Ապպեպա, Յունուար 1911, Հ.Յ. Ասատուրեան

• Ճիպութի, Օգոստոս 1926, Երուանդ Եղիազարեան

ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի կեդրոնը (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):

ՀԲԸՄ-ի հնգամեակին առիթով Գահիրէի մէջ կազմակերպուած տօնախմբութիւններ (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):

Միութեան Մասնաճիւղերը. Այլասիրական Առօրեայ Գործունէութեան Մը Պատմութիւնը