Օսմանեան Կայսրութեան Հետ Անհետացած Մասնաճիւղեր
Ստորեւ նշուած բոլոր մասնաճիւղերը, անխտիր, ոչնչացան 1915-ին, երբ անոնց անդամները սպաննուեցան: Առաջին հերթին Օսմանեան Կայսրութեան հայ երեւելիները մաքրագործելու միտող երիտ թուրքերու քաղաքականութիւնը ո՛չ ՀԲԸՄ-ի տեղական կամ ազգային պատասխանատուները խնայեց, ո՛չ ալ ուրիշ կազմակերպութիւններու անդամները: ՀԲԸՄ-ի եւ անոր օսմանեան գրեթէ բոլոր մասնաճիւղերուն հիմնադիր, 1908-ին Օսմանեան Խորհրդարանի Սեբաստիոյ երեսփոխան ընտրուած բժ. Նազարէթ Տաղաւարեանի ճակատագիրը կը ներկայացնէ վախճանը, ...
ՀԲԸՄ-ի Խարբերդի վարչութեան անդամները 1911-ին (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
ՀԲԸՄ-ի Մարզուանի վարչութեան անդամները 1912-ին (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
Իզմիր, Հոկտեմբեր 1909, բժ. Պօղոս Քոնսթանս*
Երզնկայ, 1909, Յարութիւն Լեփեան
Մերսին, Նոյեմբեր 1909, Մկրտիչ Զելվէեան
Պոլիս, Յունուար 1910, Գաբրիէլ Նորատունկեան
Կարին, Յունուար 1910, Մարտիրոս Գաւաֆեան
Պուրսա, Յունուար 1910, Գրիգոր Մկրտիչեան
Խարբերդ, Փետրուար 1910, Նիկողոս Թէնէքէճեան
Մակնեզիա, Փետրուար 1910, Յարութիւն Քէօլէեան
Անկորա, Մարտ 1910, Արմենակ Ենովքեան
Սեբաստիա, Մարտ 1910, Զաքարիա Աւետիքեան
Տիգրանակերտ, Մարտ 1910, Յարութիւն Գասապեան
Միութեան Մասնաճիւղերը. Այլասիրական Առօրեայ Գործունէութեան Մը Պատմութիւնը