ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 176

Շնորհակալութեամբ կ՚ընդունինք Ձեր կարծիքը եւ դիտողութիւնը՝ ել. գիրքի մասին, մեր յետագայ հրապարակումներու նիւթերն ու ձեւաչափերը աւելի բարելաւելու համար։ Մինչ այդ ՀՀՀ-ի ել. գիրքի աշխատակազմը պիտի հետազօտէ հայկական գանձերը, որպէսզի նոր հետաքրքրական նիւթ մը ներկայացնէ իր ընթերցողներուն։

Մեզի հետ կարելի է կապ հաստատել հետեւեալ հասցէներով՝ e-Book@avc-agbu.org, www.avc-agbu.org եւ կամ միանալով մեր ընկերային ցանցին՝

Ընդունեցէք Facebook

Հետեւեցէք Twitter

Հետեւեցէք Google+

Միացէք LinkedIn

Միացէք VK

Բաժանորդագրուեցէք մեր YouTube ալիքին

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) կը ձգտի հայագիտական ոլորտի մէջ հանդիսանալ առցանց կրթութեան առաջատար բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը։

Հայկական Համացանցային Համալսարանը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) ուսումնական նորագոյն հաստատութիւնն է, որ ամբողջովին նոր մօտեցումով կ՚իրականացնէ իր նուիրումը՝ հայկական կրթութեան հանդէպ։ ՀՀՀ-ի ծրագիրը ծնունդ առաւ 2004-ին, նախաձեռնութեամբ ՀԲԸՄ-ի Սիլիքոն Վելիի մասնաճիւղին։ ՀՀՀ-ի հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան, եւ մշակոյթի դասընթացքները հասանելի են եօթը լեզուներով՝ արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն։ 2009-ին սկիզբ առած ՀՀՀ-ի դասընթացքները հասանելի են բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են հայկական կրթութեամբ։ ՀՀՀ-ը առցանց լսարաններ կ՚ապահովէ այն ուսանողներուն, որոնք աւանդական ուսումնական ծրագիրներուն հետեւելու միջոցը չունին։ Ինչպէս նաեւ ՀՀՀ-ին կրնան հետեւիլ անոնք, որոնք կը փափաքին ամբողջացնել առկայ ծրագիրը՝ յաւելեալ գիտելիքներով։ Դասընթացքներէն կրնան օգտուիլ բոլոր ուսանողները, անկախ իրենց տարիքէն, բնակութեան վայրէն եւ կամ գիտելիքի մակարդակէն։ Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող երեւութական կրթութեան վերջին զարգացումներուն զուգընթաց, ՀՀՀ-ը կը ձգտի ստեղծել երեւութական համայնք մը, ուր աշխարհով մէկ սփռուած ուսանողները կրնան իրարու հաղորդակից դառնալ կրթական, մշակութային եւ ընկերային կապերով։

ՀՀՀ-ի աշխատակազմը ոչինչ խնայեց, որ ել. գիրքը հաճելի ըլլայ։ Մենք ուրախ կ՚ըլլանք եթէ Ձեր ընկերներն ու ընտանիքի անդամները տեղեակ պահէք ել. այս գիրքի մասին։

Հեղինակային Իրաւունք

www.avc-agbu.org

ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ՊԱՀՊԱՆՈՒԱԾ ԵՆ

Սոյն գիրքի մէջ զետեղուած են հանրութեան լայն զանգուածի համար նախատեսուած նիւթեր: Գիրքին մէջ տեղ գտած նիւթերուն անօրինական օգտագործումը կամ վերատպումը արգիլուած է: Առանց հրատարակիչի գրաւոր արտօնութեան, արգիլուած է գիրքի որեւէ հատուածի վերարտադրում՝ ելեկտրոնային կամ մեքենական ձեւերով փոխանցում, պատճենահանում, ձայնագրութիւն, տեղեկատուութեան պահպանման այլ միջոցներու կիրառում եւ կամ վերափոխում:

Հեղինակի Մասին