Ռէյմոնտ Գէորգեան
Ռէյմոնտ Գէորգեանը ֆրանսահայ պատմաբան է, արտասահմանեան անդամ՝ Գիտութիւններու
Ազգային Ակադեմիայի: Երկար տարիներ ստանձնած է ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան Գրադարանի տնօրէնի պաշտօնը: Այս գրադարանէն ներս ծաւալած է տուեալ երկի ուսումնասիրման աշխատանքները:
Ռէյմոնտ Գէորգեանը դասախօս է Սեն Տենիի ֆրանսական համալսարանին մէջ եւ Ֆրանսայի աշխարհաքաղաքականութեան ինստիտուտի հետազօտութիւններու ղեկավարը:
2006-ին, Ֆրանսայի մէջ լոյս ընծայած է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ամբողջական Պատմութիւն» աշխատութիւնը, ուր լիարժէք անդրադարձած է ցեղասպանութեան սկզբնաւորման, իրադարձութիւններուն եւ հետեւանքներուն: Գիտութեան մէջ իր ունեցած մեծ աւանդին համար, 2010-ին արժանացած է ՀՀ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի յատուկ մրցանակին:
Անդամ է Ֆրանսայի Société de Géographie –ի եւ Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Միջազգային Ընկերակցութեան: 2015-ին արժանացած է «Ֆրանսայի Պատուոյ Լեգէոն»ի շքանշանին:
Վահէ Թաշճեան
Պատմաբան Վահէ Թաշճեան ծնած է Լիբանան:
Պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան ասպարէզներէն ներս դոկտորական կոչումին տիրացած է Փարիզի École des Hautes համալսարանէն:
Իբրեւ գիտաշխատող գործած է ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանին մէջ, ուր եւ որպէս համահեղինակ մասնակից դարձած է տուեալ երկի արարման աշխատանքներուն:
Յատկապէս ուսումնասիրած է ֆրանսական գերիշխանութեան շրջանը՝ Կիլիկիոյ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայ՝ համաշխարհային երկու պատերազմներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ Օսմանեան իշխանութեան վերջին հանգրուանը, գաղթականներու խնդիրները՝ Միջին Արեւելքի մէջ եւ քրտական-հայկական յարաբերութիւնները: Լայնածաւալ հետազօտութիւններ կատարած է Փարիզի, Նանտի, Լոնտոնի, Գահիրէի, Պէյրութի, Հալէպի եւ Երեւանի մէջ:
Պեռլին հիմնուած «Յուշամատեան» կայքի (www.houshamadyan.org) գլխաւոր խմբագիրն է: Սոյն կայքի հիմնական յանձնառութիւնն է հետազօտութիւններու միջոցով վերականգնել ու պահպանել Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն ապրած կեանքի յիշողութիւնը:
Գիրքի Հեղինակները