ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 30

Լեզու. Հայաստանի միակ պաշտօնական լեզուն հայերէնն է, որ ունի իր իւրայատուկ այբուբենը: Խորհրդային անցեալի պատճառով, Հայաստանի բնակչութեան մեծ մասը կը հասկնայ եւ կը խօսի ռուսերէն, մինչ երիտասարդ սերունդը կը հասկնայ եւ կը խօսի նաեւ՝անգլերէն:

Դրամը. Հայաստանի ազգային դրամը, Հայկական Դրամն է, իսկ մանրադրամը՝ Լուման (1 դրամը հաւասար է 100 լումայի)։ Դրամափոխութեան մակարդակը ցած ըլլալուն, Լուման 1990-էն ի վեր դուրս եկած է շրջանառութենէն: Դրամին արժոյթը կարելի է ստուգել Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատան պաշտօնական կայքէն, կամ յատուկ դրամատուներէ եւ տարադրամի փոխանակման կէտերէ:

Ծախսել. Նախընտրաբար ունեցէք դրամ եւ քրետի քարտեր։ Ամէն պարագայի, քրետի քարտի օգտագործումը կրնայ սահմանափակուած ըլլալ մեծ վաճառատուներու, հիւրանոցներու, կարգ մը ճաշարաններու եւ ժամանցի վայրերու մէջ։ Այնպէս որ, ճամբորդողը պէտք է հայկական դրամի որոշ գումար մը ունենայ: ATM-ներ եւ դրամի փոխանակման կեդրոններ կան թէ՛ Երեւանի եւ թէ շրջակայքի մէջ:

Հեռահաղորդակցութիւն. Ներկայիս բջիջային հեռաձայնի երեք ընկերութիւններ եւ համացանցի ծառայութեան գլխաւոր մատակարարներ կան Հայաստանի մէջ՝ Viva Cell MTS , Orange եւ Beeline։ Այս ցանցերը արդիական եւ վստահելի են։ Երեւանի եւ քաղաքի ծայրամասերու մէջ գտնուող գրասենեակներէն ու վաճառատուներէն կարելի է ստանալ անհրաժեշտ օգնութիւն եւ գնել բջիջային հեռաձայնի քարտեր։

Համացանցի Կապ. Համացանցի կապը լայնօրէն առկայ է Երեւանի մէջ։ WiFi կապ կայ պանդոկներու, պառերու, սրճարաններու եւ հանրային այլ վայրերու մէջ:

Բարի Գալուստ Երեւան

Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ .