Ձմեռները սովորաբար ցուրտ են, ամպոտ, ձիւնոտ եւ սառցակալած ճամբաներով, որոնք կրնան ճանապարհային խնդիրներ յարուցել: Յունուար ամսուն ջերմաստիճանը սովորաբար կ՛իջնէ մինչեւ -25 oC (5 oF)։ Եթէ Երեւան ճամբորդելու համար տարուան այս եղանակը ընտրած էք, ապա պէտք է պատրաստ ըլլաք դաժան ձմրան դիմակայելու:
Գարունը Երեւան կը հասնի Մարտի կիսուն, թարմութեան շունչ եւ կանանչութիւն սփռելով ամէն կողմ, երբեմն` անձրեւի տեղումներով: Գարնան եղանակին, Երեւան այցելելու լաւագոյն շրջանը Ապրիլ-Մայիս ամիսներն են:
Ամառը արեւոտ է, տաք եւ չոր՝ Երեւանի եւ Արարատեան հովիտի մէջ։ Օգոստոսին ջերմաստիճանը կը հասնի մինչեւ 40 oC (104 oF)։ Ասիկա լաւագոյն ժամանակն է արձակուրդ մը ծրագրելու դէպի Սեւանայ Լիճ եւ առիթը օգտագործելով լեռնագնացութիւն կամ բանակում ձեռնարկել Երեւանի շրջակայքի անտառներու կամ լեռնային շրջաններու մէջ:
Աշունը Երեւանի մէջ չոր է եւ տաք, զով գիշերներով, հաճելի զեփիւռով։ Ճամբորդութեան համար լաւագոյն եղանակն է։ Բնութիւնը ոսկեայ շագանակագոյն երանգ կը ստանայ երկրի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ:
Ժամային Գօտի. Երեւանը եւ Հայաստանի ամբողջ տարածաշրջանը տեղադրուած են GMT/UTC +4 ժամային գօտիին մէջ: 2012-էն ի վեր, հիմնուած կառավարութեան որոշումին վրայ, Հայաստանի մէջ ժամանակը անփոփոխ է։ Այլեւս ամառնային եւ ձմեռնային ժամային հերթափոխի անցում չի կատարուիր։
Եղանակ. Դէպի Երեւան շրջապտոյտ մը ծրագրելու լաւագոյն ժամանակը Ապրիլ-Մայիս, կամ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներն են:
Բարի Գալուստ Երեւան
Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :